Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կլորիայի» Աշխատակիցները, Չենթարկուելով Ոստիկաններուն, Սկսան Աշխատանքի

«Կլորիայի» Աշխատակիցները, Չենթարկուելով Ոստիկաններուն, Սկսան Աշխատանքի

by MassisPost

Ապրիլ 21-ին, ոստիկանները չյաջողեցան Վանաձորի «Կլորիա» կարի գործարանի արտադրամասերէն դուրս  հանել աւելի քան 2000 աշխատակիցներ, որոնք մէկ ամսուայ հարկադիր պարապուրդէն յետոյ աշխատանքի եկած էին առանց պարէտի թոյլտուութեան։ Քանի մը աշխատակիցներու նկատմամբ վարչական տուգանք ենթադրող արձանագրութիւն կազմելէ եւ ոմանց ոստիկանութեան բաժին տանելէ յետոյ իսկ կանայք տեղի չտուին։

«Կլորիայի» աշխատակիցները նշած էին, որ մէկ ամիս շարունակ նստելով տունը, պետութեան աջակցութեան որեւէ ծրագիրէ չեն օգտուած։ Եւ ունին լուրջ ընկերային խնդիրներ, որոնք չեն լուծուիր առանց աշխատանքի։

Գործարանի սեփականատէր Բագրատ Դարբինեան «Ազատութեան» ըսած էր, որ աշխատակիցներուն պիտի չվճառէ հարկադիր պարապուրդի դիմաց եւ ստիպուած պիտի ըլլայ անոնց ժամանակաւորապէս ազատել աշխատանքէն։ Նաեւ նշած էր, որ գործարանը չի վերաբացուիր, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը այդ մասին որոշում կայացնէ: Եւ որ պարէտատան պահանջներէն մաս մը հնարաւոր չէ ապահովել արտադրութեան ընթացքին։

Մանաւանդ որ աշխատակիցները աշխատանքի եկած էին ««Կլորիային» պատկանող փոխադրամիջոցներով, սակայն գործարանի ղեկավարը կը պնդէր, որ իր կամքէն անկախ եկած են բանուորները: Ոստիկանութեան Լոռու մարզային վարչութեան պետ Տիգրան Կարապետեան «Կլորիայի» ղեկավարի յորդորները անուանեց դերասանութիւն։

Նշենք, որ որոշ աշխատակիցներ չտեսագրուելու պայմանով ըսին, որ իրենց հարկադրած են գալ աշխատանքի։ Գործարանի սեփականատէրը Բագրատ Դարբինեան «Ազատութեան» ըսաւ, որ չորս օր առաջ կառավարութեան մէջ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է։ Յորդորած են գործարարները, որ դիմում գրեն, եթէ կը ցանկան վերսկսիլ արտադրութիւնը։ «Կլորիայի» սեփականատէրը գրած է այդ դիմումը, եւ մինչ օրս պատասխան չէ ստացած։ Ոստիկանները վարչական տուգանքի մասին արձանագրութիւն կազմած են նաեւ գործարանի սեփականատիրոջ նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment