Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրագրողներ Առանց Սահմաններու. «Մետիա Լրատուական Բազմազանութիւնը Հայաստանի Մէջ կը Ծաղկի»

Լրագրողներ Առանց Սահմաններու. «Մետիա Լրատուական Բազմազանութիւնը Հայաստանի Մէջ կը Ծաղկի»

by MassisPost

Աշխարհի 180 պետութիւններու շարքին, մամուլի ազատութեան մակարդակով Հայաստանը 61-րդ տեղն է՝ Վրաստանի, Լեհաստանի եւ Խրուաթիոյ հետ գրեթէ նոյն մակարդակի վրայ:

Այդ կը վկայեն աշխարհի ամենահեղինակաւոր լրագրողական կառոյցներէն մեկուն՝ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հրապարակած տարեկան զեկոյցի տուեալները:

«Մամուլի ազատութիւնը աշխարհին մէջ 2020 թուականին» վերնագրուած այս փաստաթուղթը, ընդհանուր առմամբ դրական գնահատած է Հայաստանի լրատուական տիրող մթնոլորտը, զեկոյցի հեղինակները զայն բնութագրած են «Բազմազան, բայց դեռեւս ոչ անկախ»:

«Լրատուական բազմազանութիւնը երկրին մէջ կը ծաղկի, սակայն Հայաստան 2018 թուականին տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ ձեւաւորուած կառավարութիւնը չէ կարողացած յաղթահարել լրատուական դաշտի առկայ բեւեռացումը», – նշած են զեկոյցի հեղինակները, աւելցնելով, – «Երկրին մէջ գործող հիմնական հեռուստաալիքներու խմբագրական քաղաքականութիւնը կը համընկնի անոնց սեփականատէրերու շահերուն: Դեռ շատ ընելիք կայ լրագրողական անկախութեան եւ լրատուամիջոցներու պատկանելիութեան շուրջ, թափանցիկութեան հասնելու համար»:

Զեկոյցի հեղինակները նաեւ կեղծ լուրերու տարածման դէմ պայքարին մասին արձանագրած են. «Մտահոգութիւններ առկայ են լրագրողներու դէմ դատական գործընթացներու, ինչպէս նաեւ կեղծ լուրերու դէմ պայքարի որոշակի անհամաչափութեան հետ կապուած: Անվտանգութեան ուժերու ներգրաւումը ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին, ընկերային ցանցերու որոշ օգտատէրերու, անոր յաջորդող ձերբակալութիւնները, ինչպէս նաեւ առանց քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրագրողներու հետ նախապէս քննարկման [այս ոլորտին] վերաբերող օրէնքները ընդունելու փորձերը եւս մտահոգիչ են»:

«Յետաքննական լրագրութիւնը [հայաստանեան] համացանցէն ներս կը ծաղկի, լուրջ տեղ զբաղեցնելով քորուփցիայի դէմ պայքարի համապետական արշաւին մէջ», – նշած են զեկոյցի հեղինակները:

Աւելցնենք, որ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան այս զեկոյցին մէջ Հայաստանը արդէն երկրորդ տարին է, որ 61-րդ տեղը կը գրաւէ: 2018-ին՝ Հայաստանը 80-րդն էր:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ապա այս երկիրը մամուլի ազատութեան մակարդակով կը շարունակէ ոչ միայն տարածաշրջանին, այլեւ աշխարհի ետնապահներէն մէկը մնալ: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան գնահատումով, լրատուամիջոցներու ազատութեան մակարդակով Ատրպէյճանը կը գրաւէ 168-րդ տեղը: Նախորդ տարուայ համեմատ Ատրպէյճանը նահանջած է եւս երկու հորիզոնականով:

Զեկոյցի հեղինակները նշած են ընդգծելով, որ Ատրպէյճանական իշխանութիւնները չեն զլանար լրագրողներու դէմ ճնշումները տեղափոխելու երկրի սահմաններէն դուրս:

«Երբեմն կը յաջողին հասնիլ Ատրպէյճանցի լրագրողներու ձերբակալութեան, ինչպէս օրինակ՝ Ուքրանիա կամ Վրաստան: Երբեմն ալ արտասահմանեան երկիր բնակող Ատրպէյճանցի լրագրողներու դէմ դատական հայցեր կը ներկայացուին, ինչպէս ըսենք Ֆրանսա», – նշուած է «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment