Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Փաշինեանը Հանդիպած է Արցախի Նախագահի Երկու Թեկնածուներուն Հետ

Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Փաշինեանը Հանդիպած է Արցախի Նախագահի Երկու Թեկնածուներուն Հետ

by MassisPost

2020-ի Մարտ 31-ին Արցախի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի թեկնածուներ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Մասիս Մայիլեանի հետ, որոնք նախագահի աթոռի համար պէտք է մրցէին երկրորդ փուլին։

Դեռ Ապրիլ 7-ին «Ազատութեան» հարցմանն ի պատասխան, թէ Մարտ 31-ին Արցախի մէջ կայացած ընտրութիւններէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Արցախի նախագահի թեկնածուներ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Մասիս Մայիլեանի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին ի՞նչ հարցեր քննարկուած են, եւ ի՞նչ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, վարչապետի աշխատակազմի Տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն արձագանգած են. «Ի պատասխան ձեր հարցման յայտնում ենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպումներ է ունեցել Արցախի նախագահի թեկնածուներ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Մասիս Մայիլեանի հետ, որոնց ընթացքում քննարկուել են Արցախի նախագահական ընտրութիւնների ընթացքին ու արդիւնքներին վերաբերող հարցեր»։

Յատկանշական է, որ այս հանդիպումներու մասին պաշտօնական որեւէ հաղորդագրութիւն չէ եղած։

Մարտ 31-ին կայացած ԼՂ նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին, ըստ Արցախի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ), ԼՂ նախկին վարչապետ, «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը ստացած էր քուէներու 49,2 տոկոսը, իսկ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը՝ 26,4 տոկոսը: Ապրիլ 14-ին տեղի ունեցած երկրորդ փուլի արդյունքում Յարութիւնեանը ստացած է գրեթէ 40 հազար ձայն կամ վաւեր քուէաթերթիկներու 88 տոկոսը, իսկ Մայիլեանը՝ 12 տոկոս։

Վարչապետ Փաշինեանը շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը՝ Արցախի նախագահ ընտրուելու առթիւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment