Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Ռազմավարութիւնը «Քորոնա» Ժահրին Հետ Ապրիլ Սորվիլն է. Փաշինեան

Մեր Ռազմավարութիւնը «Քորոնա» Ժահրին Հետ Ապրիլ Սորվիլն է. Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան ռազմավարութիւնը «Քորոնա» ժահրին հետ ապրիլ սորվիլն է։ «Արմէնփրես»-ի համաձայն` այս մասին ՀՀ Ազգային ժողովի կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի այն հարցին, թէ հիւսուածեղէնի արտադրութեան գործունէութեան թոյլատուութենէն յետոյ ինչպէս պիտի ապահովէ աշխատակիցներու անվտանգութիւնը «Քորոնա» ժահրի տարածումէն։

«Մենք, այսօրուայ դրութեամբ, ունենք արտադրական ձեռնարկութիւններ, որոնք այս ամբողջ ընթացքում աշխատել են, նրանց աշխատակիցների շրջանում գրանցուել է «Քորոնա» ժահրի դէպք, բայց այդ դէպքը մուտք չի գործել արտադրական տարածքներ։ Մենք ուզում ենք, որ յաջողուած ձեռնարկութիւնների փորձը կիսենք միւս ձեռնարկութիւնների հետ։ Հիմա պարէտատան ու նախարարութեան առաջ խնդիր եմ դրել, որ յաջողուած փորձը փոխանցենք այդ ընկերութիւններին։ Մենք գիտենք, թէ ինչ է պէտք անել, որ 90%–ով երաշխաւորենք, որ ժահրը արտադրական տարածք չմտնի։ Մեր ռազմավարութիւնն այն է, որ պէտք է սովորենք ապրել «Քորոնա» ժահրի հետ զուգահեռ, կարող է մէկ տարի տեւել այս վիճակը, մենք չենք կարող մէկ տարով փակուել»,- ըսաւ Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment