Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոպական Խորհրդարանը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան Գործընկերութեան Երկիրներու Միջեւ Ընդհանուր Տնտեսական Տարածք Ստեղծել

Եւրոպական Խորհրդարանը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան Գործընկերութեան Երկիրներու Միջեւ Ընդհանուր Տնտեսական Տարածք Ստեղծել

by MassisPost

Եւրոպական խորհրդարանը կ’առաջարկէ Եւրոպական միութեան եւ վեց յետխորհրդային երկիրներուն, անոնց կարգին՝ Հայաստանին, միջեւ ստեղծել «ընդհանուր տնտեսական տարածք»: Փաստաթուղթին մէջ, որու բովանդակութեան ծանօթացած է «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ռատիոկայանը, եւրոպացի օրէնսդիրները միեւնոյն ժամանակ կը դատապարտեն Ռուսաստանի գործողութիւնները Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն մէջ:

Փաստաթուղթը յառաջիկային քննարկումի կը դրուի Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնաժողովին եւ ամենայն հաւանականութեամբ խորհրդարանի հաւանութեան կ’արժանանայ Մայիսին, որմէ յետոյ Յունիս 18-ին նախատեսուած է Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու եւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ պետութիւններու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Պելաոռուսիոյ եւ Մոլտավիոյ  ղեկավարներու հանդիպումը Պրիւքսել: Այդ գագաթնաժողովի ընթացքին Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի նոր քաղաքականութիւն հաստատել հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ: Եւրոպական միութեան շարք մը դիւանագէտներ, սակայն, «Ազատութեան» յայտնած են, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով հանդիպումը, ըստ ամենայնի, կը յետաձգուի մինչեւ տարուայ երկրորդ կէսը:

Անուղղակիօրէն նկատի ունենալով Ռուսաստանը, որ կոշտ կը հակազդէ Եւրոպական միութեան եւ ՆԱԹՕ-ին մերձենալու, յետխորհրդային երկիրներու ջանքերուն, Եւրապական խորհրդարանը կը վերահաստատէ «Արեւելքի գործընկեր երկիրներու ինքնիշխան իրաւունքը, ազատ ընտրելու Եւրոպական միութեան  համակրումի  կամ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան անհատական մակարդակը», – ըսուած է նաեւ փաստաթուղթին մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ բաց  գրութեամբ «խստօրէն կը դատապարտէ Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանէն ներս հիմնարար սկզբունքներու եւ միջազգային իրաւունքի նորմերու խախտումը, Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ ուժի ապօրինի կիրառումը, ներխուժումը, ապակայունացումը, բռնակցումը, սահմաններու խախտումը եւ գրաւումը Արեւելեան գործընկերութեան անդամ շարք մը երկիրներու տարածքներուն մէջ»:

2009 թուականին, ստեղծելով Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը, Եւրոպական Միութիւնը նախկին խորհրդային  միութեան անդամ վեց պետութիւններուն ի սկզբանէ հնարաւորութիւն ընձեռած է մերձենալու եւրոպական դաշինքին հետ, սակայն, առանց անդամակցութեան հեռանկարի: Տասը տարի ետք վեց երկիրներէն՝ Մոլտովան, Ուքրանիան եւ Վրաստանը ստորագրած են Միացման պայմանագիրները եւ այժմ աւելին կը ցանկան: Հայաստանը բաւարարուած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment