Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՍԴՀԿ-Ի Շնորհաւորական Գիրը` Արցախի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

ՍԴՀԿ-Ի Շնորհաւորական Գիրը` Արցախի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

by MassisPost

Մեծարգոյ Պրն. Յարութիւնեան,

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով կու գանք շնորհաւորելու Ձեզ՝ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի բարձր ու պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ:

Ընտրութիւններու կայացումը, հակառակ համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած ծանր պայմաններուն, պերճախօս վկայութիւնն է այն փաստի,  որ Արցախի հերոսական ժողովուրդը կառչած կը մնայ իր հողին ու հայրենիքին և Արցախի հանրապետութիւնը հաստատակամ քայլերով կը շարունակէ ընթանալ անկախ ու ժողովրդավար պետութեան ուղիով:

Լիայոյս ենք, որ Ձեր երկարամեայ պետական փորձն ու հմտութիւնները կը ներդնէք Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման գործին մէջ:

Հնչակեան Կուսակցութիւնը՝ հաւատարիմ իր պատմական առաքելութեան եւ սկզբունքներուն կը շարունակէ իր բոլոր միջոցներով սատարել Արցախի ժողովուրդի բարoրութեան ու անոր պետականութեան ամրապնդումին։

Կրկին կը շնորհաւորենք Ձեզ ու կը մաղթենք ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն հետագայ Ձեր քայլերուն մէջ:

Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութիւն
Ապրիլ 15, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment