Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնայ» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 26-ով, Հասնելով 1039-ի, Գրանցուած է Մահուան 14-րդ Դէպքը

Հայաստան «Քորոնայ» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 26-ով, Հասնելով 1039-ի, Գրանցուած է Մահուան 14-րդ Դէպքը

by MassisPost

Մէկ օրուայ ընթացքին, Հայաստանի մէջ նոր «քորոնայ» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 26-ով, հասնելով 1039-ի։ Հիւանդութենէն մահացած է եւս մէկ մարդ, այսօր կառավարութեան արտահերթ նիստին յայտարարեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Ցաւօք սրտի, ունեցել ենք եւս մէկ մահ, եւ մահացածների ընդհանուր թիւը դարձել է 14: Այս պահին փաստացի , մեր հսկողութեան տակ գտնուող դէպքերի թիւը 814 է: Նաեւ ուզում եմ տեղեկացնել, որ շաբաթ եւ կիրակի օրերին բաւական մեծ թուով հետազօտութիւններ են արուել, այսինքն` այն նպատակադրումը, որ մենք ունէինք` մեր հնարաւորութիւնը մեծացնելու, իրագործուում է, օրինակ` շաբաթ օրը 680  հետազօտութիւն է արուել, իսկ կիրակի օրը` 467 հետազօտութիւն»,- յայտնեց նախարարը:

6 Զինծառայող Ապաքինուած է «քորոնայ» Ժահրէն
Զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետ Սահակ Օհանեան, այսօր ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց, որ արդէն 2 ամիս է Զինուած ուժերուն մէջ տեղի կ’ունենան «քորոնայ» ժահրի կանխարգիլման միջոցառումներ։ Ան նշեց, որ վարակուած զինծառայողներուն մէջ, ծայրայեղ ծանր եւ ծանր հիւանդներ չկան, զինուորական հիւանդանոցներն ալ թոքաբորբով հիւանդներ չկան.- «արհեստական շնչառական սարքին միացուած զինծառայողներ չկան»:

corona-military

Օհանեան չհրապարակեց ո՛չ բուժուող, ո՛չ ալ մեկուսացուած զինծառայողներուն թիւը, շեշտելով, որ այդ թիւը չնչին է։ Օհանեանի տուեալներով` շարժական տարրալուծարանին միջոցով արդէն 165 նմոյշ վերցուած է, կան ե՛ւ բացասական, ե՛ւ դրական պատասխաններ, բայց բացասականները կը կազմեն շատ աւելի մեծ թիւ։ Շարժական տարրալուծարանը կը գործէ  9 ապրիլէն, ռուս գործընկերներու օգնութեամբ։ Մինչ այդ հայկական զինուժը համագործակցած է ամերիկեան տարրալուծարաններու հետ, ըսաւ Օհանեան.- «այսօր առաւօտեան ժամը 11-ի դրութեամբ, 6 զինծառայող աւարտած է բուժումը եւ դուրս է գրուել յետագայ ծառայութիւնը շարունակելու համար»:

Սահակեան, պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցին, թէ ինչո՞ւ չեն բերէր Զինուած ուժերը զօրանոցային վիճակի, երբ սպայական կազմը կը մնայ զօրամասերը, պատասխանեց, թէ նման անհրաժեշտութիւն չկայ.- «զինուած ուժերի ռազմաբժշկական ծառայութիւնն ի զօրու է եւ իրականացնում է այնպիսի ծաւալի աշխատանքներ, որ այդ խնդրի առաջ դեռ կանգնած չենք: Անհրաժեշտութեան դէպքում եթէ վիճակը պահանջի բերել զօրանոցային, ապա Զինուած ուժերի եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմն այդ որոշումը կը կայացնի»:

Զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետը յայտարարեց, թէ սնունդ մատակարարող ընկերութիւններէն մէկու աշխատակիցը մեկուսացուած է ժահրի կասկածանքով, այդ շրջանակը մեկուսացուած է։ Անհրաժեշտութեան պարագային անոնք կը հետազօտուին։ Օհանեան նաեւ աւելցուց, թէ բժշկական ծառայութեան ոչ մի սպայ, ենթասպայ եւ պայմանագրային զինծառայող վարակուած է։ Ան ըսաւ, թէ ռազմական բժիշկները 100 տոկոսով պատրաստ են «քորոնայ» ժահրի դէմ պայքարելու եւ ընդգրկուած են այդ գործի մէջ ըստ անհրաժեշտութեան։ Օհանեան նաեւ նշեց, որ զինուորական կոմիսարները պատրաստ են զօրակոչին, կատարուած են ախտահանման աշխատանքներ, եատկացուած են անհատական պաշտպանիչ միջոցներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment