Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան» Հիմնադրամը 208 Հազար Տոլար Հանգանակած է Առողջապահութեան Ոլորտին Օժանդակելու Նպատակով

«Հայաստան» Հիմնադրամը 208 Հազար Տոլար Հանգանակած է Առողջապահութեան Ոլորտին Օժանդակելու Նպատակով

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, միանալով COVID-19 համաճարակի դէմ պայքարին, 18 Մարտէն սկսեալ, նախաձեռնած է առցանց դրամահաւաք-արշաւ, որու ընթացքին հաւաքագրուած ամբողջ գումարը ուղղուած է առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ բարձրորակ բժշկական պարագաներու ու սարքերու ձեռքբերման եւ տրամադրման, ինչպէս նաեւ հրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող այլ կարիքներուն։

13 Ապրիլի դրութեամբ, հիմնադրամի հաղորդագրութեան համաձայն, առցանց դրամահաւաք-արշաւի հաշուեհամարին արդէն հաւաքագրուած է 208 հազար 620,43 տոլար, նախատեսուած 200 հազար տոլար գումարի 104.31 տոկոսը: «մեր հայրենակիցների համախմբման եւ աշխոյժ մասնակցութեան արդիւնքում հիմնադրամի յայտարարած գումարի շեմն արդէն իսկ հատուած է, ուստի այժմ նոր նշաձող է սահմանուում՝ այն է 250 հազար ԱՄՆ տոլար», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Հիմնադրամի անունից ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել առցանց գրանցուած աւելի քան 200 անհատ նուիրատուներին՝ վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար: Մեր այս նախաձեռնութեանն են միացել աշխարհի հայ համայնքները, կազմակերպութիւններն ու անհատները Միացեալ Նահանգներից, Ֆրանսայից, Միացեալ Թագաւորութիւնից, Պրազիլից, Գերմանիայից, Իտալիայից, Հոլանտայից, Իրլանտայից, Ռուսաստանից, Արժանթինից, Աւստրիայից եւ Իւնաստանից՝ սատարելով այս հայրենանուէր ծրագրին: Շնորհակալութիւն ենք յայտնում նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ափի Կիլիկիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեանը՝ խոշոր դրամական նուիրատուութիւնների համար»,– նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

Հանգանակուած գումարէն 130 հազար տոլար արդէն իսկ ծախսուած է բարձրորակ բժշկական պարագաներ եւ սարքէր ձեռք բերելու համար: Բացի այդ, Ռուսաստան գտնուող 60 հայրենակից, հնարաւորութիւն  ստացած է եատուկ չուերթով անվճար վերադառնալ հայրենիք: Մնացեալ միջոցներու տնօրինման համար ներկայիս կը կատարուին կարիքներու գնահատում:

Բացի դրամահաւաք-արշաւէն «հայաստան» հիմնադրամի տեղական մարմիններու, տարբեր երկիրներու հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններու կողմէ այլ օժանդակութիւն եւս կը տրամադրուի Հայաստանին եւ Արցախին «քորոնայ» ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս: Մասնաւորապէս,  շուտով Հայաստան կը հասնի 60 հեռահար ջերմաչափ եւ 20 թթուածինի խտացուցիչ սարք, 8 արհեստական շնչառական համակարգ, մէկ ամիս առաջ արդէն իսկ տրամադրուած են մեծաքանակ կանխարգելիչ, պաշտպանիչ, ինչպէս նաեւ ախտահանիչ բժշկական պարագաներ, եատուկ պաշտպանիչ հանդերձանք եւ սարքէր։

Դրամահաւաք–արշաւի վերաբերեալ ամփոփիչ հաշուետուութիւնը կը ներկայացուի ծրագիրի աւարտին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment