Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Յայտարարուած է Արտակարգ Իրավիճակ. Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլը Չի Յետաձգուիր

Արցախի Մէջ Յայտարարուած է Արտակարգ Իրավիճակ. Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլը Չի Յետաձգուիր

by MassisPost

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ուղերձով դիմած է քաղաքացիներուն եւ տեղեկացուցած, որ ստորագրած է հրամանագիր Արցախի մէջ նոր «քորոնայ» ժահրի հիւանդութեան տարածման կանխարգիլման եւ «քորոնայ» ժահրի համաճարակի սպառնալիքէն բնակչութեան պաշտպանութեան նպատակով արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու մասին, յայտնած են նախագահի աշխատակազմէն:

Նախքան այդ, Սահակեան կայացուցած է «քորոնայ» ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստ:

Ան իր ուղերձով նշած է, որ արտակարգ իրավիճակ կը եայտարարուի 12 ապրիլի ժամը 22:00-էն սկսեալ մինչեւ 12 մայիսի ժամը 22:00-ը ներառեալ:

Արտակարգ իրավիճակի իրաւական կարգը ապահովող ուժերու եւ միջոցներու միասնական ղեկավարումը կատարելու նպատակով, ստեղծուած է պարէտատուն: Պարէտատան ղեկավար նշանակուած է պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան:

«Հրամանագրով սահմանուէլ են արտակարգ իրավիճակի ժամանակ կիրառուող միջոցառումները եւ իրաւունքների ու ազատութիւնների ժամանակաւոր սահմանափակումները, արտակարգ իրավիճակի իրաւական ռեժիմն ապահովող ուժերն ու միջոցները», – նշած է Բակօ Սահակեան:

Միաժամանակ ան յայտարարած է. – «վստահ եմ, որ մեր ժողովրդի իմաստնութեան, կարգապահութեան եւ բարձր քաղաքացիական պատասխանատուութեան շնորհիւ կը կարողանանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, արդիւնաւէտօրէն լուծել ծագող խնդիրները եւ միաժամանակ օրէնքով սահմանուած կարգով անցկացնել մեր երկրի համար այս կարեւորագոյն համապետական միջոցառումը, ինչպիսին է Արցախի նախագահի ընտրութիւնը՝ ձեռնարկելով անհրաժեշտ միջոցներ բնակչութեան առողջութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Ընտրութիւնների անցկացման օրը բոլոր ընտրատեղամասերում կը ձեռնարկուեն առողջապահական եւ առողջապահպանման խստագոյն միջոցներ: Պէտք է անենք հնարաւորը, որպէսզի կանխարգելենք եւ չէզոքացնենք բոլոր բացասական հետեւանքները: Մենք կ’անենք մեզնից կախուած ամէն ինչ, որպէսզի ամենայն պատասխանատուութեամբ անցնենք այս կարեւորագոյն շրջանը եւս»:

Նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը նշանակուած է 14 Ապրիլին:

Մինչեւ այս պահ, Արցախի մէջ «քորոնայ» ժահրի 5 դէպք հաստատուած է, քաղաքացիներէն մէկուն վիճակը միջին ծանր է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment