Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Հայաստանը Թրքական Կողմին Քաղաքացիներու Տեղափոխման Հարցէն Զատ Այլ Աջակցութեան Խնդրանքով Չէ Դիմած

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Հայաստանը Թրքական Կողմին Քաղաքացիներու Տեղափոխման Հարցէն Զատ Այլ Աջակցութեան Խնդրանքով Չէ Դիմած

by MassisPost

Թրքական կողմի հետ համագործակցութիւնը, սահմանափակուած է միայն ՀՀ քաղաքացիներու Հայաստան տեղափոխման ծիրէն ներս, եւ Հայաստանը չէ դիմած այս ծիրէն դուրս որեւէ այլ աջակցութեան խնդրանքով, յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

Ուրբաթ օր, Հայաստան տեղափոխուած են Թուրքիայ գտնուող եւ վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած 73 քաղաքացիներ: Այս հարցով, ինչպէս նկատել տուած է Աննա Նաղտալեան, ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական օղակները համագործակցած են թրքական եւ վրացական համապատասխան մարմիններու հետ:

Թրքական կողմը, սակայն, յայտարարած է, որ նոր «քորոնայ» ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս Հայաստան օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն, եւ վերջինս պատրաստ է տրամադրել այդ օգնութիւնը: Միաժամանակ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հրաւիրած է Թուրքիոյ մօտ Չինաստանի դեսպանը, Հայաստանին տրամադրուած օգնութեան արկղներու վրայ գրառման առնչութեամբ պարզաբանում տալու համար:

Նկատենք, որ օրերս, Չինաստանէն Հայաստան ուղարկուած  մարդասիրական օգնութեան տուփերուն վրայ, Արարատ լերան յիշատակումը եղած է, որ Թուրքիայ կը գտնուի եւ կը կոչուի Աղրը լեռ: Բժշկական պարագաներով արկղներուն վրայ գրուած էր. «թող մեր բարեկամութիւնը լինի աւելի բարձր, քան Արարատ լեռը եւ աւելի երկար, քան Եանցզի գետը»:

«Հարկաւոր է նշել, որ Թուրքիայի կողմից Հայաստանի շարունակուող ցամաքային շրջափակման, դիւանագիտական եարաբերութիւնների բացակայութեան պայմաններում երկու երկրների փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններն էականօրէն սահմանափակ են եւ պահանջում են իրական բարի կամք ու վստահութեան ստեղծում: Ցաւօք սրտի, թուրքական կողմից «քորոնայ» ժահրի դէմ պայքարի համաթեքսթում հնչած որոշ եայտարարութիւնները չեն նպաստում համագործակցութեան ապաքաղաքականացուած եւ մարդասիրական միջավայրի ձեւաւորմանը: Եատկապէս ափսոսանքի է արժանի երրորդ երկրի կողմից Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան, ժողովուրդների բարեկամութեան եւ ազգային խորհրդանիշների հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքը ու անհարկի քաղաքականացումը»,- յայտարարած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment