Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Ս. Զատկուայ Պատգամը

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Ս. Զատկուայ Պատգամը

by MassisPost

Տեսնուածէն Աւելի Տեսնելու Շնորհքը

Յիսուս ըսաւ Անոր. «Դուն հաւատացիր՝ որովհետեւ տեսար զիս. երանի՜ անոնց որ կը հաւատան առանց տեսնելու» (Յովհ. 20.29):

Իր խաչելութենէն երեք օր յետոյ Յիսուս Յարութիւն առած էր Մէկշաբթի (Կիրակի) առաւօտուն եւ նոյն երեկոյ իր աշակերտներուն երեւցած էր: Սակայն, անոնցմէ մէկը, Թովմաս,  այնտեղ չըլլալուն՝ չհաւատաց այս զգայացունց լուրին եւ յայտարարեց. « Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար» (Յովհ. 20.5):

Թովմաս անհաւատ մէկը չէր եւ ոչ ալ սկեպտիկ մը, բայց կ’ուզէր վստահ ըլլալ, թէ իրօք Քրիստոս Յարութիւն առա՞ծ էր: Կ’ուզէր իր կասկածները փարատել եւ ճշմարտութիւնը գիտնալ: Տարակոյսներ սկսան տողանցել իր մտքին մէջ: Բայց ի վերջոյ եկաւ ճակատագրական այն պահը երբ Յարուցեալ Յիսուսը երեւցաւ իրեն ալ եւ հիմնովին փոխեց իր աշխարահայեացքն ու կեանքը: Արդարեւ, իր Յարութենէն շաբաթ մը յետոյ, Յիսուս դարձեալ երեւցաւ իր աշակերտներուն: Այս անգամ Թովմասն ալ այնտեղ էր: Յիսուս ըսաւ Թովմասին. «Մատդ բեր, հոս դիր եւ տես ձեռքերս. բեր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի’ ըլլար, այլ հաւատացեալ» (Յովհ. 20.27):

Այդ հրաշալի եւ սրտառուչ պահուն Թովմաս դէմ յանդիման եկաւ Յիսուսի եւ բացականչեց. «Իմ Տէրս ու իմ Աստուածս»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն տեսար եւ հաւատացիր. երանի՜ անոնց որ չեն տեսած ու կը հաւատան» (Յովհ.20.29):

Թովմասի համար տեսնելը՝ հաւատալ էր: Յիսուս իրեն հաղորդեց թէ ոչ միայն տեսնելը հաւատալ է, այլ հաւատալը ինքնին տեսնել է: Այլ խօսքով, հաւատալը կախեալ չէ տեսանելի ու շօշափելի ապացոյցներէ: Քրիստոնէական հաւատքը կախեալ չէ այն տեսակ բաներէ որոնք տեսանելի եւ շօշափելի են. չեն չափուիր, չեն կշռուիր եւ չեն վերլուծուիր գիտական բնալուծարաններու մէջ: Հաւատքը, Առաքեալին խօսքով, «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է» (Եբր. 11.1):

Յիսուս երանելի կը կոչէ բոլոր անոնք, որոնք տեսնուածէն աւելի տեսնելու շնորհքը ունին. Անոնք որոնք Յարութեան ապացոյցը թափուր գերեզմանէն, Յիսուսի խոցոտուած կողէն ու ձեռքերէն անդին կամ սոսկ պատմական դէպք մը ըլլալու իրականութենէն աւելի՝ անձնական փորձառութիւն մը կը համարեն:

Առաջին դարուն, Պողոս Առաքեալ անոնցմէ մէկն էր, որ տեսնուածէն աւելի տեսնելու շնորհքը ունէր: Թէեւ Յիսուսի Յարութենէն յետոյ զինք չէր տեսած, սակայն Անոր Յարութիւնը զգացեր էր իր կեանքին մէջ երբ կը յայտարարէր. «Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ Քրիստոս է որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գաղ. 2.20): Խօսելով Յարութեան զօրութեան մասին, Առաքեալը հետեւեալը կը գրէ Կողոսայի Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն. «Հաւատքի ճամբով երբ Քրիստոսի միացաք, դուք ձեր մեղքերը թօթափեցիք… Անոր հետ միասին թաղուեցաք եւ անոր հետ յարութիւն առիք» (Կող. 2.11.12):

Քրիստոսի Յարութենէն իվեր, շուրջ քսան դարեր, միլիոնաւոր հաւատացեալներ զգացեր են Յարութեան զօրութիւնը իրենց կեանքին մէջ: Անոնք Քրիստոսի հրաշագործ Յարութեան զօրութեամբ՝ իրենց մեղքերու գերեզմանէն յարութիւն առած՝ դարձած են Քրիստոսի Յարութեան կենդանի վկաները:

Ինչպէս գիտէք, վերջին քանի մը շաբաթներուն գրեթէ համայն աշխարհ տագնապած է Քորոնաժահրով (Corona pandemic): Հարիւր հազարաւոր մարդիկ վարակուած են այս մահացու հիւանդութենէն եւ հազարաւոր մարդիկ կը մեռնին ամէն օր: Շատերու բնականոն կեանքը խախտած է: Ի տես այս ահաւոր կացութեան, շատեր մատնուած են շփոթութեան, մտատանջութեան եւ մտալլկութեան:

Որպէս քրիստոնեաներ ի՞նչպէս դիմակալելու ենք այս կացութիւնը: Բնականաբար, որպէս քրիստոնեաներ անտարբեր չենք կրնար գտնուիլ այս կացութեան մէջ: Անհրաժեշտ է որ իմաստուն ըլլանք կանխազգուշութեան ամէն միջոց ի գործ դնելով, եւ լրջօրէն անսալով մեր ապրած վայրերու քաղաքական իշխանութեանց հրահանգներու այս համաճարակի ուղղութեամբ: Սակայն մտատանջութիւնն ու յուսաբեկութիւնը պէտք չէ անդամալուծեն մեր հոգիները: Տեսնուածէն աւելի տեսնելու շնորհքով եւ Յարուցեալ Քրիստոսի ներշնչած հաւատքով եւ յոյսով նայինք ապագային, քանի որ ան մեզի «ոչ թէ երկչոտութեան այլ զօրութեան, սիրոյ եւ խոհեմութեան հոգին կուտայ (Բ. Տիմ. 1.7): Յարութեան յաղթական հոգիով շարունակենք մեր կեանքը եւ յայտարարենք ամէնուն «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, Գործադիր Տնօրէն
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment