Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ National Geographic. Ցեղասպանութենէն Յետոյ, Անիի Աւերակները Դարձած են Հայաստանի Կորուստներու Մասին Յիշատակի Խորհրդանիշներէն Մէկը

National Geographic. Ցեղասպանութենէն Յետոյ, Անիի Աւերակները Դարձած են Հայաստանի Կորուստներու Մասին Յիշատակի Խորհրդանիշներէն Մէկը

by MassisPost

National Geographic յայտնի ամսագիրը հրապարակած է Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաք Անիին նուիրուած յօդուած:

Ըստ յօդուածի հեղինակ Անթոնիօ Ռաթիի, 10-րդ դարուն «հազար ու մէկ եկեղեցիներու» քաղաքը դարձած է Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ 100 հազար մարդու տունը:

«Սեւ եւ Կասպից ծովերու միջեւ առեւտրային ուղիներու երկայնքով անոր ռազմավարական դիրքը, Անին դարձուցած է գրաւիչ տիրակալութիւն, հարիւրամեակներ շարունակ քաղաքը մատնելով ներխուժումներու, եւ վերջաւորութեան լքուածութեան երկար ժամանակահատուածի»,- նշած է հեղինակը:

Ani-1

«Հայաստանի միջնադարեան թագաւորութիւնը ժամանակին տարածուած է ժամանակակից պետութեան սահմաններէն հեռու: Հին ժամանակներուն այս հողերը անցած են պարսիկներու, սելեւկեաններու, պարթեւներու եւ հռոմէացիներու  վերահսկողութեան տակ »,- նշած է հեղինակը  աւելցնելով, որ անկախ այս կայսրութիւններու վերելքներուն ու անկումներուն, Անիի մէջ գերակշռած է հայ ինքնութիւնը:

«Քաղաքի անխռով աւերակները, զոր դարեր շարունակ լեփ-լեցուն էր բանակներով, հայերու համար միշտ յատուկ վայր եղած է: Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ այս վայրը դարձած է Հայաստանի կորուստներու մասին յիշատակի եւ անոր զարմանահրաշ աննկունութեան խորհրդանիշներէն մէկը»,- եզրափակած է հեղինակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment