Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Նախագահը Հայաստանին «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարին Օժանդակելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած է

Թուրքիոյ Նախագահը Հայաստանին «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարին Օժանդակելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած է

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնած է դեղորայքային օժանդակութիւն ցուցաբերել Հայաստանին, համավարակի դէմ պայքարելու համար, ինչպէս նաեւ դիւրացնել Թուրքիայէն հայրենիք վերադառնալ ցանկացող Հայաստանի քաղաքացիներու մեկնումը: Այս մասին Էրտողան յայտնած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հետ կայացած հեռախոսազրոյցի ժամանակ, կը տեղեկացնէ Պատրիարքարանի պաշտօնական կայքէջը:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Պատրիարքարանին եւ հայկական հիմնադրամներուն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակի յաղթահարման նպատակով իր նախաձեռնած դրամահաւաքին միանալու համար: Աւելի կանուխ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանն ու Հայկական հիմնադրամներու միութիւնը դրամահաւաքին ընդհանուր առմամբ 600 հազար թրքական լիրա՝ շուրջ 88 հազար տոլար նուիրաբերած են:

Թուրքիոյ նախագահը հետաքրքրուած է պատրիարքի որպիսութեամբ եւ հարցուցած հայ համայնքի կարիքներուն մասին:

Էրտողանը հեռախոսազրոյց ունեցած է նաեւ համաճարակային բուժհիմնարկ դարձած Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:

georgia-armenia

Հայ համայնքի առաջնորդներու հետ Թուրքիոյ նախագահի զրոյցներէն ժամեր առաջ Պոլսոյ   «Աքսարայ»  կայարանէն  դէպի Հայաստան Ճամբայ ելած են երեք հանրակառքեր, տուն տանելով 66 հայաստանցիներ:

Ընկերներու հետ միասին հայրենակիցներու վերադարձը նախաձեռնող Գագիկ Մուշեղեան «Ազատութեան» պատմեց, որ ՀՀ քաղաքացիներու փոխադրելը հնարաւոր դարձած է Հայաստանի իշխանութիւններու աջակցութեան շնորհիւ: Հայկական կողմը հոգացած է ճանապարհածախսը:

«Մեզ մեծ աջակցութիւն են ցոյց տուել Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան մարմինները՝ արտօնագրեր ստանալու համար թէ՛ Վրաստանից, թէ՛ Թուրքիայից: Արտօնագրեր ստացել ենք եւ՛ Թուրքիայի տարածքով տարանցիկ անցնելու համար, եւ՛ տարանցիկ միջանցք է մեզ տրամադրուել Վրաստանով անցնելու համար», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Մուշեղեան:

«Այսօր դուրս են եկել երեք հանրակառքեր՝ չնայած ծրագրուած էր, որ չորսը դուրս գային, քանի որ 102 հոգի գրանցուած էին, փաստացի ներկայացան 66-ը, իսկ 6-ից 10 ուղեւոր ճանապարհին պէտք է միանային», – փոխանցեց ան, կրկին շեշտելով. – «Մեզ շատ մեծ աջակցութիւն ցոյց տուեց Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը, ամբողջ ծախսերը հոգացել են իրենք, հանրակառքերու վճարները կատարել են իրենք»:

Գագիկ Մուշեղեան յայտնեց, որ հանրակառքերը տարանցիկ ճանապարհով, միջանցքով անցնելու են Վրաստանով, մուտք են գործելու Հայաստան Բագրատաշէնի մաքսակէտով. – «Եւ նրանից յետոյ, իմ կարծիքով, կը գնանք (կարանտինի) արգելափակման»:

«Ազատութեան» զրուցակիցին համաձայն՝ անհրաժեշտ պարագային հնարաւոր է նորէն կազմակերպուի հայաստանցիներու տեղափոխումը հայրենիք:

Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած վերջին տուեալներու համաձայն՝ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած աւելի քան 38 հազար մարդ կայ, 812 մարդ մահացած է հիւանդութեան պատճառով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած, թէ ինչ դեղորայք Թուրքիան կը պատրաստուի ուղարկել Հայաստան, որու հետ տարիներ շարունակ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի: «Մենք ծանօթ ենք Կ. Պոլսի Պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի նախագահի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ մամուլի հաղորդագրութեանը: Որպէս երրորդ կողմ, ձեռնպահ կը մնայինք ոչ պաշտօնական տեղեկատուութիւնը մեկնաբանելուց: Բոլոր դէպքերում, օրակարգում նման հարց գոյութիւն չունի», – յայտարարած է գերատեսչութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

Իսկ Թուրքիայէն հայրենիք վերադարձող քաղաքացիներու վերաբերեալ Նաղտալեան ըսած է, մասնաւորապէս, որ «տեղափոխումը համաձայնեցուած է թուրքական եւ վրացական համապատասխան ծառայութիւնների հետ, որոնց օժանդակութիւնը գնահատելի է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment