Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մարիա Զախարովան Անդրադարձած է Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցած Ընտրութիւններուն

Մարիա Զախարովան Անդրադարձած է Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցած Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան իր շաբաթական ճեպազրոյցի ընթացքին պատասխանած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցին։

«31 մարտին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած ընտրութիւններու վերաբերեալ կայ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւնը: Այդ յայտարարութեան կարելի է ծանօթանալ ԵԱՀԿ պաշտօնական կայքին մէջ»,- ըսած է Զախարովան:

Զախարովան նշած է, թէ իրենք նկատի առած են այն մէկնակէտը , որ ընտրութիւնները անհրաժեշտ են բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութիւնը ապահովելու համար։

«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը չի ճանչնար իբր անկախ պետութիւն։ Անոր կարգավիճակը պէտք է որոշուի քաղաքական բանակցութիւններու միջոցով, եւ անով ալ զբաղած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները։ Միեւնոյն ժամանակ, չենք կարծեր, որ խաղաղ կարգաւորման հետագայ գործընթացը ինչ-որ ձեւով կախուած է այդ ընտրութիւններէն»,- ըսած է Զախարովան։

Յիշեցնենք, որ 31 մարտին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան  նախագահական ընտրութիւններ։  Ըստ արդիւնքներուն յայտարարուած է երկրորդ փուլի մասին, որ կը կայանայ 14 ապրիլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment