Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեւոն Տէր Պետրոսեան. Պատերազմական Վիճակի Թելադրանքով

Լեւոն Տէր Պետրոսեան. Պատերազմական Վիճակի Թելադրանքով

by MassisPost

Համավարակի պատճառով Հայաստան այսօր յայտնուած է պատերազմական իրավիճակի մէջ, ընդ որում շատ աւելի ծանր ու վտանգաւոր, քան աւանդական պատերազմներու ժամանակ։ Ilur.am-ին մէջ ներկայացուցած իր յօդուածին մէջ գրած է ՀՀ առաջին նախագահ, Հայ Ազգային Քոնկրեսի ղեկավար՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

«Իմ տպաւորութեամբ, Հայաստանի իշխանութիւնները, գուցէ եւ ինչ-որ սխալներով ու բացթողումներով հանդերձ (չսխալուող իշխանութիւն չկայ), պատասխանատուութեամբ են վերաբերուում իրենց պարտականութիւններին, հիմնականում կատարելով իրավիճակից բխող բոլոր անհրաժեշտ ու հնարաւոր քայլերը։ Դատելով հասարակութեան արձագանգներից, ընդհանուր առմամբ, դրական է գնահատուում բուժաշխատողների, ոստիկանութեան, ԱԻՆ-ի (Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն) գործունէութիւնը, անարդարացիօրէն թերանալով, սակայն, ընդգծել վերջիններիս աշխատանքը համակարգող պաշտօնատար անձանց՝ Արտակարգ դրութեան պարէտի եւ առողջապահութեան նախարարի կարեւոր դերակատարութիւնը։

Սակայն մինչ իշխանութիւններն զբաղուած են գրեթէ շուրջօրեայ տքնաջան աշխատանքով, չգնահատուած հանճարների, սադրիչների ու չարակամների մի հսկայական բանակ, յայտնի ուժերի վերահսկողութեան տակ գտնուող անթիւ լրատուամիջոցներով ու հարիւրաւոր ֆեյքերով, փաստօրէն պատերազմի երկրորդ ճակատ է բացել նրանց դէմ »,- նշած է առաջին նախագահը։

Ըստ առաջին նախագահին,  առերեւոյթ օգտակար խորհուրդներու եւ կառուցողական առաջարկներու շղարշի ներքոյ այնպիսի ատելութիւն ու թշնամանք կը սերմանուի իշխանութիւններու հանդէպ, որ լրջագոյն կասկած կ’առաջացնէ անոնց հեղինակներու «բարեկամեցողութեան» նկատմամբ։

Ներկայիս «անբնական ու վտանգաւոր» ներքաղաքական իրավիճակի լիցքաթափման համար Տէր Պետրոսեան քանի մը քայլեր առաջարկած է.

  1. Քարոզչական ու դաստիարակչական բոլոր միջոցներով, հասարակութիւնը պարտաւորեցնել ենթարկուիլ Արտակարգ դրութեան պարէտի եւ առողջապահութեան նախարարի հրահանգներուն եւ խստօրէն կատարել անոնց յանձնարարականները։
  2. Դադրեցնել իշխանութիւններու նկատմամբ անվստահութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու քարոզչութիւնն ու գործողութիւնները, անոնցմէ հաշիւ պահանջելու հարցը թողնելով ապագային։
  3. Հակավարակային միջոցառումներուն ու անոնցմէ ծագած ընկերային խնդիրներուն վերաբերող մասնաւոր խորհուրդներն ու առաջարկները արտայայտել ոչ թէ հրապարակաւ ու ցուցադրաբար, այլ ուղղակի հասցէագրել պարէտատուն, անոր կազմին մէջ ստեղծելով յատուկ խումբ, զանոնք ուսումնասիրելու եւ նպատակայարմարութեան պարագային գործադրելու համար։
  4. Սառեցնել Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքներու հետաքննութեան խորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքը, որ աւելորդ գրգռութիւն կը յառաջացնէ երկրի առանց այդ ալ գերլարուած մթնոլորտին մէջ։
  5. Վերջ տալ Արցախի ընտրութիւններու շուրջ ընթացող խժդժութիւններուն եւ իշխանութեան նոր մարմիններու շուտափոյթ ձեւաւորումով ապահովել հանրապետութեան լիակատար կառավարելիութիւն։
  6. Յուսալ, որ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահները իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցներուն կը հրահանգեն անմիջապէս դադրեցնել իշխանութիւններու դէմ վերջիններուն ծաւալած կատաղի պայքարը եւ այդու չեն կորսնցներ պետական այրին վայել վարք դրսեւորելու այս պատեհութիւնը։

«Վերջում թերեւս աւելորդ չէ նշել, որ ներկայ օրհասական պահին իշխանութիւններին խանգարող, սատար չկանգնող, նրանց համար լրացուցիչ խնդիրներ առաջացնող իւրաքանչիւր ոք վտանգում է ոչ միայն երկրի ապահովութիւնը, այլեւ իր մերձաւորների կեանքը։ Ես հաւատում եմ մեր ժողովրդի ողջախոհութեանը եւ փորձութեան ժամին բազմիցս դրսեւորած համախբուելու ունակութեանը»,- եզրափակած է Տէր Պետրոսեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment