Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Նման Սադրանքներով Բացայայտ Արհամարհանք Կը Ցուցաբերէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Կոչին. ԼՂ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Պաքուն Նման Սադրանքներով Բացայայտ Արհամարհանք Կը Ցուցաբերէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Կոչին. ԼՂ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ 5 Ապրիլին, ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ կոպտօրէն խախտած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի հրադադարի ռէժիմը, որու հետեւանքով Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինծառայող մը վիրաւորուած է։

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման սադրանքներով բացայայտ արհամարհանք են ցուցաբերում ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Կութիերեսի՝ ամբողջ աշխարհում հրադադարի ապահովման կոչին՝ ողջ մարդկութեան ջանքերն ուղղելու համաշխարհային մարտահրաւէրի՝ «Քորոնայ» ժահրի յաղթահարմանը, ինչպէս նաեւ անտեսում ԵԱՀԿ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խմբի համանախագահների՝ հակամարտութեան կողմերին ուղղուած կոչերը՝ խստօրէն պահպանելու հրադադարի ռէժիմը եւ զերծ մնալու ցանկացած սադրիչ գործողութիւններից, որոնք կարող են այս բարդ ժամանակաշրջանում բարձրացնել լարուածութեան մակարդակը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պաքուի ապակառուցողական վարքագիծը դարձաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու անպատասխանատու եւ թշնամական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումը, եւ միջազգային հանրութեան կողմէ պէտք է արժանանայ ամենախիստ գնահատականի եւ դատապարտման:

«Վերահաստատելով իր եանձնառութիւնը՝ եարգելու հրադադարի եւ դրա ամրապնդման մասին համաձայնագրերը, ինչպէս նաեւ Գլխաւոր քարտուղարի՝ ողջ աշխարհում ռազմական գործողութիւնները դադարեցնելու կոչին՝ Արցախի Հանրապետութիւնը յամառօրէն կոչ է անում Ատրպէյճանին իրականացնել ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ հրաժարուել սադրիչ գործողութիւններից: Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները՝ միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ, մասնաւորապէս՝ Մակ-ի կանոնադրութեան դրոյթների համաձայն», – նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment