Home ՍՓԻՒՌՔ Տեսերիզ – Հէճընցիք Թիւմ Աղօ Են. Բարբառ Եւ Բարքեր

Տեսերիզ – Հէճընցիք Թիւմ Աղօ Են. Բարբառ Եւ Բարքեր

by MassisPost

Առողջութիւն եւ համբերութիւն կը մաղթենք մեր ընթերցողներուն համաշխարհային տագնապի այս արտասովոր օրերուն։

Եթէ այլ ժամանակներու մէջ փոխադրուիլ կը փափաքիք եւ մոռնալ քիչ մը այսօրուայ իրականութիւնը, մեր պատրաստած նոր ֆիլմը հաւանաբար կը ծառայէ ճիշդ այս նպատակին։

Վերնագիրն է՝ «Հէճընցիք թիւմ աղօ են. բարբառ եւ բարքեր»։ Յղացք եւ խմբագրում՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան

 

Տեսերիզին հրատարակութիւնը նախատեսուած էր երկու շաբաթ առաջ։ Բայց մեր խումբն ալ համաճարակին եւ անոր ստեղծած տագնապին հետեւանքները կրեց։ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանը մեկնած էր Պուէնոս Այրէս հարազատներուն այցելութեան, բայց դէպի Պերլին վերադարձի թռիչքը ջնջուեցաւ եւ միայն շաբաթ մը առաջ յաջողեցաւ վերադառնալ տուն եւ միանալ ընտանիքին։

Ան անմիջապէս վերսկսաւ աշխատիլ տեսերիզին վրայ եւ անոր պատրաստութիւնը իր աւարտին հասցնել։

Մօտաւորապէս 11 վայրկեան տեւող ֆիլմ մըն է, որ յատկացուած է Հաճընի բարբառին եւ հաճընցիներու զանազան սովորութիւններուն։ Անիկա բազում հետազօտութիւններու արդիւնքն է եւ աշխարհի տարածքին տարտղնուած նիւթերու՝ մէկտեղում մը։ Հոս կ՚երեւին մարդիկ, որոնք կ՚ապրին Լիբանան կամ Արժանթին։ Կը տեսնենք լուսանկարներ, որոնք մեզի ղրկուած են Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն կամ Ֆրանսայէն։ Կ՚ունկնդրենք երաժշտութիւն, որ մեզի հասած է Նիւ Ճըրսիէն, Պուէնոս Այրէսէն կամ Պերլինէն։

Բոլորին հասարակաց յայտարարը Հաճընն է, Հաճընի բարբառը կամ Հաճընի աւանդութիւններն ու տեղական մշակոյթը։

Աւելի քան 20 հազար հայութիւն հաշուող քաղաք մըն էր Հաճընը՝ պատմական Կիլիկիոյ հիւսիսը գտնուող այս վայրը։ 1920-ին, անիկա ամբողջութեամբ կը պարպուի իր հայ բնակիչներէն։

Անոնցմէ շատեր 1921-ի վերջերուն ապաստան կը գտնեն Լիբանանի մէջ։ Բազմահազար այլ հայերու նման, հաճընցիները նոյնպէս կը հաստատուին Պէյրութի գաղթականական քէմփին մէջ։ Ուրիշներ իրենց ճամբան կը շարունակեն աւելի հեռու վայրեր, ինչպէս Յունաստան, Արժանթին, Միացեալ Նահանգներ կամ Խորհրդային Հայաստան։

Լիբանանի մէջ 1930-էն սկսեալ հաճընցիները կը կառուցեն Պէյրութի ծայրամասին՝ Նոր Հաճըն թաղամասը։ Անիկա շուտով կը դառնայ հաճընցիներու բնակեցման վայրը։

Այս համախումբ ապրելակերպը առիթ տուած է որ կարգ մը հաճընցիական սովորութիւններ եւ տեղական բարբառը՝ հէճնօ լիզուն, պահպանուին գաղթականութեան պայմաններուն մէջ, յատկապէս Պէյրութ եւ Պուէնոս Այրէս։

Յուշամատեան Ծրագիր

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment