Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան Պիտի Մասնակցին Արցախի Նախագահի Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլին

Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան Պիտի Մասնակցին Արցախի Նախագահի Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլին

by MassisPost

Արցախի Կենտրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը հրապարակեց Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութեան արդիւնքները, որու համաձայն թեկնածուներէն ոչ մէկը կարողացած է հաւաքել ձայներու 50 տոկոսէն աւելին: Հետեւաբար, Ապրիլ 14-ին տեղի կ’ունենայ նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը:

Արցախի նախագահի պաշտօնին յաւակնող 14 թեկնածուներուն մէջ ամենէն աւելի քուէ ստացած է նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը՝ 36,076 ձայն կամ 49,26 տոկոս: Երկրորդ տեղի վրայ կու գայ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, որ ստացած է 19,360 ձայն կամ 26,4 տոկոս: Թեկնածուներէն Վիտալի Բալասանեան հաւաքած է 10,755 ձայն կամ 14,7 տոկոս:

Ընտրողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 104,348, իսկ քուէարկութեան մասնակցած են 76,728 քաղաքացիներ՝ ընտրողներու թիւի 73,5 տոկոսը:

artsakh election observers

ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան Արցախի մէջ կայացած ընտրութիւններէն յետոյ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ իրենց պատգամաւորական խումբը շրջած է բոլոր տեղամասերով, եւ ընդհանուր առմամբ ընտրութիւններ կը գնահատեն դրական:

«Կային խնդիրներ, որոնց շուրջ աշխատելու տեղ կայ, բայց պէտք է ասել, որ այսօրուայ տուեալները, որը ունենք, արտացոլում են այն պատկերը, որը արցախցին ձեւաւորել է ընտրութեան միջոցով: Ակնկալում ենք գալիք փուլը կը լինի աւելի լաւ կազմակերպուած, եւ աշխարհում գոյութիւն ունեցող վիճակը չի կարողանայ խանգարել, քանի որ բոլորս հասկանում ենք որքան կարեւոր է Արցախում հերթական ընտրութեան կայացումը, եւ յուսամ, որ հնարաւորութիւն կը լինի 14 օր անց գտնուել այստեղ եւ շրջել տեղամասերով», ըսաւ Ալան Սիմոնեան:

Դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող «Իրազեկ Քաղաքացիներ Միաւորումի» ծրագրերու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեան լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց որ, Քարվաճառի մէջ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեանի աջակիցները ընտրողներ տեղափոխած են յատուկ ինքնաշարժերով: Անոր կարծիքով նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ օգտագործուած են վարչական եւ բարեգործական միջոցներ, որոնք ունեցած են իրենց ազդեցութիւնը՝ ընտրողներու կարծիքի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment