Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանք Փալոնի Կոչ Կուղէ Անմիջապէս Դադրեցնել Ատրպէյճանին Տրուող Ռազմական Օգնութիւնը

Ֆրանք Փալոնի Կոչ Կուղէ Անմիջապէս Դադրեցնել Ատրպէյճանին Տրուող Ռազմական Օգնութիւնը

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն, 31 Մարտին կոչ ուղղած է ընդլայնելու ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Հայաստանին եւ անյապաղ դադրեցնելու Ատրպէյճանի ռազմական օգնութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Ալիեւի վարչակարգի շարունակական գրոհներուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայ Դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբը:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է անյապաղ դադրեցնէ ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին այնքան ժամանակ, մինչեւ այդ երկրի կառավարութիւնը դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, համաձայնի տարածաշրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման եւ ապացուցէ, որ դադրեցուցած է մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը»,- յայտարարած է Փալոն, Ներկայացուցիչներու պալատի զինուած ծառայութիւններու յանձնաժողովին մէջ իր ելոյթի ընթացքին:

Ան նաեւ նշած է, որ պէտք է ձգտին աւելի աջակցող ազդակ ուղարկել տարածաշրջանային այն գործընկերներուն, որոնք, ինչպէս Հայաստանը, կ’ապրին ժողովրդավարական փոխակերպումներ, անոնց հետ ուժեղացնելով ռազմավարական համագործակցութիւնը:

Ատրպէյճանական կողմը 30 մարտին ձեռնարկած էր հետախուզական ներթափանցման փորձ Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական դիրքապահ ուժերու գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդը յետ շպրտուած է: Հայկական կողմը կորուստներ չունի, գործողութիւններու հետեւանքով թեթեւ վիրաւորուած է երկու զինծառայող: Միաժամանակ, հակառակորդը թիրախաւորած է Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը, որու հետեւանքով վիրաւորուած է Ոսկեւան համայնքի բնակիչ մէկ երեխայ, որ այդ պահուն գտնուած է պատշգամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment