Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Միութիւնը «Արեւելեան Գործընկերութեան» Մասնակից Երկիրներուն 140 Միլիոն Եւրօ կը Տրամադրէ

Եւրոպական Միութիւնը «Արեւելեան Գործընկերութեան» Մասնակից Երկիրներուն 140 Միլիոն Եւրօ կը Տրամադրէ

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագրի մասնակից վեց պետութիւններուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանին, ընդհանուր առմամբ շուրջ 140 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի յաղթահարման  վերաբերեալ անյապաղ կարիքները հոգալու նպատակով: Այս մասին նշուած է Եւրոպական յանձնաժողովի կայքը տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, «Արեւելեան գործընկերութեան» երկիրներուն Եւրոպական Միութիւնը մօտ 700 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ ճգնաժամի ընկերա-տնտեսական հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով: Այդ, ըստ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն, կը կատարուի գործընկեր պետութիւններուն ցուցաբերուող օգնութեան, ներկայիս առկայ գործելակերպի կիրառմամբ:

Եւրոպական Միութեան հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարխելիի համաձայն` ցուցաբերուող օգնութիւնը կ’ուղղուի առողջապահական ոլորտ, ինչպէս նաեւ միջին եւ մանր ձեռնարկատիրութեան աջակցութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment