Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գոնկրէսը Հաստատեց Տնտեսութեան Աջակցութեան Օրինագիծը, Ամերիկացիներու Մեծ Մասը Պիտի Ստանան 1200 Տոլար Նպաստ

Գոնկրէսը Հաստատեց Տնտեսութեան Աջակցութեան Օրինագիծը, Ամերիկացիներու Մեծ Մասը Պիտի Ստանան 1200 Տոլար Նպաստ

by MassisPost

Ուրբաթ օր, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը հաստատեց տնտեսութեան աջակցութեան օրինագիծը, որ երկու օր առաջ միաձայնութեամբ քուէարկուած էր Ծերակոյտին կողմէ:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառաւ ստեղծուած տնտեսական տագնակը կանխելու նպատակաւ, երկու դրիլիոն տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրուի տնտեսութեան բազմաթիւ ճիւղերուն ու նաեւ անհատ քաղաքացիներուն:

Գոնկրէսի օրինագիծին համաձայն յառաջիկայ շաբաթներուն 1200 տոլար անմիջական օգնութիւն պիտի ուղարկուի բոլոր այն ամերիկացիներուն, որոնց տարեկան եկամուտը մինչեւ 75 հազար տոլար է:  75-99 հազար տոլար եկամուտ ունեցողները  կը ստանան աւելի նուազ գումար: Ընտանիքները պիտի ստանան 2400 տոլար, իսկ իւրաքանչիւր երեխայի համար` յաւելեալ 500 տոլար: 99 հազար տոլարէն աւելի եկամուտ ունեցողներուն բաժին պիտի չհասնի այս նպաստներէն:

Գործազրկութեան մատնուած անհատներու նպաստները պիտի երկարաձգուի չորս ամիսով ու նաեւ պիտի ստանան շաբաթական յաւելեալ 600 տոլար:

1200 տոլար օժանդակութիւնը պիտի տրուի նաեւ ընկերային տարբեր տեսակի նպաստներ` Social Security եւ SSI  ստացողներուն:

Այս նպաստէն պիտի կրնան օգտուիլ նաեւ այն Ամերիկացիները, որոնք կը բնակին արտասահմանի մէջ: Հետեւաբար, Հայաստան բնակող Ամերիկայի քաղաքացիները (ոչ կրին քարտ  ունեցողներ), որոնք 2018-ին եւ կամ 2019-ի հարկային փաստաթուղթեր (tax return) լրացուցած են պիտի կրնան օգտուիլ այս նպաստներէն:

Այս օրինագծով գործազրկութեան նպաստ պիտի տրամադրուի նաեւ անոնց, որոնք կը գործէին ազատ պայմանագրով (Independent Contractor) եւ կը ստանային 1099 հարկային փաստաթուղթը: Անցեալին, այս դասաւորման մէջ գտնուողները իրաւունք չունէին գործազրկութեան նպաստի դիմելու:  Այս փոփոխութիւնը առիթ կու տայ Uber-ի եւ Lyft-ի վարորդներուն եւ այլ նման աշխատանքներով զբաղողներուն, օգտուելու պետական նպաստներէն:

Յայտնենք որ, Մարտ ամսուայ առաջին երեք շաբաթներուն միայն, մօտ 4 միլիոն ամերիկացիներ դիմում ներկայացուցած են աշխատանք կորսնցնելու պատճառաւ նպաստ ստանալու համար:

Տնտեսական աջակցութեան ծրագիրը  500 պիլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի յատկացնէ  ամենէն աւելի տուժած տնտեսութիւններունª օդանաւային ընկերութիւններուն, ճաշարաններուն եւ այլ վաճառատուներուն, պայմանաւ որ անոնք շարունակեն վճարել իրենց պաշտօնեաներու աշխատավարձերը:

Պիլիոնաւոր տոլարներ պիտի տրուին նաեւ հիւանդանոցներուն, դպրոցներուն, նահանգային եւ տեղական կառավարութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment