Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Վարակի Մահացութեան Առաջին Դէպքը Գրանցուեցաւ. Մահացողը 72-ամեայ Քաղաքացի է

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Վարակի Մահացութեան Առաջին Դէպքը Գրանցուեցաւ. Մահացողը 72-ամեայ Քաղաքացի է

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրով վարակուած 72-ամեայ Հայաստանի քաղաքացին մահացած է: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրառում կատարած է Առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան:

«Նորք» ինֆեքցիոն (վարակներու) քլինիքական  հիւանդանոցը արձանագրուել է մահուան դէպք։ 72-ամեայ հիւանդը ունեցել է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութիւն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի թոքաբորբ, սրտի աշխատանքի  անբաւարարութիւն  եւ այլ խնդիրներ։ Ցաւօք, ուղեկցող հիւանդութիւնների պատճառով հնարաւոր չի եղել փրկել վերջինիս կեանքը:

«Հիւանդը երէկուանից գտնուել է վերակենդանացման բաժանմունքում եւ վերջինիս վիճակը գնահատուել է ծայրայեղ ծանր»,- գրած է Նիկողոսեան։

Հայաստան «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 290-ի: 36 հիւանդ ունի թոքաբորբ, 18-ը ապաքինուած է: Մէկ հիւանդի վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր, ան ԱՄՆ քաղաքացի է։

«Քորոնա» ժահր  յայտնաբերուած է նաեւ 3 զինծառայողի մօտ, յայտնած է պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան։ Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուց, որ զինծառայողները այժմ հիւանդանոցն են, անոնց առողջական վիճակը բաւարար է  եւ  անոնց որեւէ մէկի մօտ թոքաբորբ չի արձանագրուել։

3 զինծառայողի հաստատուած դէպքերը փոխկապակցուած են եւ առնչւում են Հայաստանում գրանցուած առաջնակի դէպքերի օջախներից մէկի հետ։

Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնին քննութիւններու 1440-ը բացասական արդիւնք տուած են: Կը բուժուին 272 անձ:

Անդրադառնալով այլ երկիրներու մէջ ստեղծուած վիճակին վարչապետը շեշտեց, որ այնտեղ թիւերը կ’աճին երկրաչափական ընթացքով, ինչ որ կարելի չէ ըսել Հայաստանի պարագային։

Վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ հիւանդանոցներու ծանրաբեռնուածութեան հարցին, ըսաւ որ պիտի փորձեն բանակցիլ հիւրանոցներու հետ, որոշ   պարագաներ   այնտեղ տեղաւորելու համար։

«Մեր հիւանդանոցային հզօրութիւնները ճիշդ կառավարելու խնդիր ունենք, եւ այսօր հիւանդանոցներում կան հիւանդներ, որոնք որեւէ բուժում չեն ստանում: Այսինքն՝ թեթեւ դէպքեր են, ախտորոշուած է դրական, բայց նրանք բուժում չեն ստանում, այսինքն՝ զուտ գործառնական իմաստով հիւանդանոցում նրանց գտնուելն արդարացուած չէ: Այսօր առաւօտեան պարոն Աւինեանի եւ պարոն Թորոսեանի մասնակցութեամբ մենք ունեցանք քննարկում եւ որոշեցինք, որ թեթեւ դէպքերին, որոնք, ըստ էութեան, մեծամասնութիւնն են, եւ մենք հիմա փորձենք աշխատել հիւրանոցների հետ, որպէսզի մեր այդ հայրենակիցներին տեղաւորենք հիւրանոցներում», – նշեց վարչապետը:

Առողջապահութեան նախարարը փոխանցեց, որ ժահրով վարակուած բուժքրոջէն բացի վարակուած է նաեւ բժիշկ մը եւ շտապ բուժօգնութեան վարորդ։

«Բուժքրոջ վիճակը վստահ եմ լաւ է, որովհետեւ չգիտեմ հակառակի մասին, ծանր հիւանդների մասին ես տեղեկացուած եմ», – ըսաւ Թորոսեան շարունակելով. – «Դայ անխուսափելի է, ինչքան մենք փորձում ենք պաշտպանել իրենց բոլոր պաշտպանիչ միջոցներով՝ ակնոցներով, դիմակներով, հագուստով, միեւնոյն է իրենք շատ-շատ են շփուում բուն վարակուած անձանց հետ, տեղափոխում նրանց: Մեր խնդիրն է նրանց առնուազն գոնէ շուտ յայտնաբերել եւ մեկուսացնել, եւ այս երեք մեր բուժաշխատողը, եթէ չակերտներով ասեմ, որովհետեւ վարորդն էլ է սկզբունքօրէն բժշկական օգնութեան շրջանակներում աշխատում, իրանք մեկուսացուած են, իրենց կեանքին վտանգ չի սպառնում, եւ իւսով եմ իրենք էլ որեւէ մէկի կեանքին վտանգ չեն սպառնում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment