Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-Ի 2020-2021 Տարուայ Կրթանպաստներու Ծրագիրը Բաց Է Նոր Դիմումներու Համար

ՀԿԲՄ-Ի 2020-2021 Տարուայ Կրթանպաստներու Ծրագիրը Բաց Է Նոր Դիմումներու Համար

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի համաշխարհային այս պայմաններուն տակ, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) մեծապէս մտահոգուած է աշխարհի տարածքին մեր բոլոր համայնքներու առողջութեամբ եւ կը մնայ յանձնառու իր բարեգործական առաքելութեան,  քաջալերելու երիտասարդութիւնը, որպէսզի շարունակէ իր ուսումը՝ հակառակ դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Հետեւաբար, ուրախ է յայտնելու որ, սկսած է ընդունիլ ուսանողական կրթանպաստի դիմումնագրերը՝ 2020-2021 դպրոցական տարեշրջանի համար:  Նպաստներ պիտի յատկացուին, ընդհանուր 7500 տոլար (իւրաքանչիւրը մինչեւ 1500 տոլար) գումարով, անոնց որոնք կը յաճախեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող եւ հաւատարմագրուած համալսարաններ:

Դիմողները պէտք է ունենան հայկական ծագում, ունենան նուազագոյնը 3.3 GPA եւ գործունեայ են հայկական համայնքէն ներս:

Այս պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել  https://aebu.org/our-programs/scholarship/ կայքը՝ յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար: Դիմումնագրերը կրնան ներկայացուիլ  մինչեւ Յունիս 30, 2020, առցանց եւ կամ նամակատան միջոցաւ՝ ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել 818-344-7321 թիւին։

ՀԿԲՄ իր տարեկան նպաստները պիտի յատկացնէ մրցակցական հիմունքներով եւ վերանայումէ ետք: Անցեալ տարի, ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստի Յանձնախումբը ընտրած էր վեց տաղանդաւոր համալսարանական ուսանողներ՝ գնահատելով  անոնց ակադեմական կարողութիւնը եւ համայնքէն ներս ունեցած գործունէութիւնը։ Նպաստի արժանացած ուսանողները պատուուեցան ճոխ ընդունելութեան մը ընթացքին եւ առիթը ունեցան ծանօթանալու համայնքի ղեկավարութեան հետ։  Այս տարի եւս, ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստի Յանձնախումբը կը ծրագրէ պատուել 2020 տարուայ արժանաւորները։  Արդիւնքները պիտի  յայտարարուին  Օգոստոս 1,  2020-ին,  մեր կայքէջի  վրայ եւ էլ-նամակով։

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները  կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան՝  կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը:  Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը։

ՀԿԲՄ Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է եւ ունի ոչ հասութաբեր section 501 (c) (3) Internal Revenue Code. Tax ID # 95-3798531 կարգավիճակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment