Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Հետ Կապուած Այս Իրավիճակը Կրնայ Տեւել Շատ Աւելի Երկար, Քան Ի Սկզբանէ կը Սպասուէր. Նիկոլ Փաշինեան

«Քորոնա» Ժահրի Հետ Կապուած Այս Իրավիճակը Կրնայ Տեւել Շատ Աւելի Երկար, Քան Ի Սկզբանէ կը Սպասուէր. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգելող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստը:

Նիստի սկիզբը վարչապետը նշած է, որ բոլոր վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած այս իրավիճակը կրնայ տեւել շատ աւելի երկար, քան ի սկզբանէ կը սպասուէր կամ կը կանխատեսուէր: «Այդ առումով, մենք պէտք է որոշակի պատկերացումներ ձեւաւորենք, թէ ինչպէս ենք կազմակերպելու կեանքը մեր հանրապետութիւնում: Ընդհանուր տրամաբանութիւնը եւ ռազմավարութիւնը պէտք է լինի հետեւեալը, որ «Քորոնա» ժահրի սահմանափակման պայմաններում մենք պէտք է գտնենք եւ ձեւաւորենք, այսպէս ասած, ազատ եւ անվտանգ տարածքներ, որտեղ կարող ենք համեմատական անվտանգութեան պայմաններում մեր կեանքը կազմակերպել, ի հարկէ, յընթացս նաեւ հետեւելով իրադարձութիւններին: Մի բան ակնյայտ է, որ ամբողջ աշխարհում «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած տիրում են հսկայական անորոշութիւններ, այսինքն՝ այսօրուայ դրութեամբ չկայ մի երկիր, որը կարող է արձանագրել, որ յստակ հսկողութեան տակ է առել վիճակը եւ կառավարում է այն: Ամենաանսպասելի տեղեկութիւններ են գալիս: Օրինակ, ես երէկ կարդացի, որ աշխարհի ամենազարգացած երկրներից մէկում, չեմ ուզում անունը նշել, պաշտօնապէս խոստովանել էին, որ, օրինակ, ունեն քննութեան շիճուկի պակաս, չեն կարողանում անհրաժեշտ թուով քաղաքացիների  քննութեան ենթարկել եւ այլն: Այնպէս որ, մենք այսպիսի պայմաններում ենք աշխատում եւ պէտք է շարունակենք նոյն տրամաբանութեամբ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը երկու ուղղութեամբ կ’աշխատի, կը քննարկեն հակաճգնաժամային ու ռազմավարական ծրագրեր, իսկ հրամանատարութեան միջոցով կը կարգաւորեն գործնական հարցերը։

Փոխ վարչապետ, հրամանատար Տիգրան Աւինեան ընդգծած է, որ այժմ «Քորոնա» ժահրի կանխարգելման ուղղութեամբ, իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է եւ ողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է կանխարգելիչ միջոցառումներու վրայ:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ աւելցուց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 194 մարդոց մէջ ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներ չունինք, եւ բոլորին վիճակը կը գնահատուի բաւարար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment