Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ոստիկանութիւնը Խուճապ Տարածող Էջեր Բացայայտած Է Համացանցի Մէջ

Ոստիկանութիւնը Խուճապ Տարածող Էջեր Բացայայտած Է Համացանցի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ  «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման նպատակով յայտարարուած արտակարգ դրութեան հետ պայմանաւորուած համացանցի տարբեր  ընկերային կայքերու հայկական մասին մէջ, յայտնաբերուած են անհատական որոշ էջեր, որոնց միջոցով կը տարածուի ապատեղեկատուութիւն, բնակչութեան մէջ խուճապ ստեղծելու նպատակով։ ՀՀ ոստիկանութեան Քրէական ոստիկանութեան Գլխաւոր Վարչութիւն (ՔՈ ԳՎ) Բարձր   արհեսատգործութեան (թէքնոլոժի) ոլորտին մէջ կատարուող յանցագործութիւններու դէմ պայքարի բաժնի աշխատակիցներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններով եւ ձեռնարկուած միջոցառումներով պարզուած են, որ այդպիսի տեղեկատուութիւն տարածող անհատական էջերու օգտատէրերը տեղեակ չեն եղած իրենց էջերով կատարուած գրառումներէն։ Պարզուած է, որ գրառումները հայ օգտատէրերու անհատական էջերով կատարուած են Ատրպէյճանական համացանցային մասի IP հասցէներէ։

Կատարուածի վերաբերեալ քաղաքացիներէն ընդունուած է հաղորդում։ Կը նախապատրաստուին նիւթերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment