Հինգշաբթի երեկոյեան, Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Կէվըն Նուսըմ հրաման արձակեց նահանգի ամբողջ տարածքին տան մէջ մնալու օրէնք գործադրելու ուղղութեամբ: «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումը կանխելու նպատակով առնուած այս որոշումը կը պարտաւորեցնէ նահանգի 40 միլիոն բնակչութեան իրենց տուներէն դուրս չգալ, ի բացառել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:
Այս օրէնքը չի տարածուիր հիւանդանոցներու անձնակազմերուն, սնունդի կէտերուն մէջ աշխատողներուն, դեղարաններուն եւ կարգ մը այլ հիմնական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն վրայ:
Կառավարիչ Նուսըմ ժողովուրդին ուղղուած իր կոչին մէջ յայտնեց, որ նման կտրուկ միջոցներ չձեռնարկելու պարագային նահանգի ժողովուրդի 56 տոկոսը կրնայ վարակուիլ «Քորոնա» ժահրով:
Միւս կողմէ, Ամերիկեան Քոնկրէսը կը պատրաստուի օրինագիծ որդեգրել, որ, ի միջ այլ տնտեսական օժանդակութիւններու կը նախատեսէ 1200 տոլար ուղարկել բոլոր այն անձերուն, որոնց տարեկան եկամուտը 75 հազար տոլարէն պակաս է: Ընտանիքները կրնան ստանալ 2400 տոլար, իսկ իւրաքանչիւր երեխայի համար յաւելեալ՝ 500 տոլար:
Ճէֆրի Ղազարեան Զոհ «Քորոնա» ժահրի
Միւս կողմէ, Ամերիկեան մամուլը կը տեղեկացնէ որ, Փասատինայի մօտ գտնուող Կլէնտորա քաղաքի բնակիչ Ճէֆրի Ղազարեան մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք: Ան վերջերս այցելած էր Ֆլորիտա եւ այդ քաղաքէն վերադարձին ունեցած է առողջական բարդութիւններ եւ արագօրէն փոխադրուած է հիւանդանոց:
Քննութիւններէն ի յայտ եկած է, որ Ճէֆրիի մօտ առկայ է «Քորոնա» վարակը, սակայն հակառակ բժիշկներու ջանքերուն, կարելի չէ եղած փրկել 34-ամեայ հայ երիտասարդի կեանք:
Ղազարեանի ընտանիքի անդամները յայտնած են որ, նախքան վերջին հիւանդութիւնը, ան ունեցած է առողջական այլ բարդութիւններ, որոնք մեծապէս նպաստած են մահացու վարակի ուռճացման: