Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Հիմնադրամի Կոչը. «Համահայկական Ուժերու Համախմբում Ընդդէմ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակին»

Հայաստան Հիմնադրամի Կոչը. «Համահայկական Ուժերու Համախմբում Ընդդէմ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակին»

by MassisPost

«Նոր Քորոնա» ժահրի COVID-19 համաճարակի տարածմամբ, միջազգային հանրութիւնը կը համախմբուի  եւ համապատասխան գործողութիւններ կը ձեռնարկէ: Ինչպէս քաջ յայտնի է, ճգնաժամերու ընթացքին համայն աշխարհի հայութիւնը միշտ համախմբուած է մէկ նպատակի շուրջ` օգնելու իրարու եւ իրենց հայրենիքին:

ՀՀ կառավարութիւնը եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը քաղաքացիներուն պարբերաբար թարմացուող տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ ինչպէս ներկայ իրավիճակի, այնպէս ալ վարակի տարածման յետագայ աճը կանխելու համար անհրաժեշտ քայլերու մասին:

Մեր բուժաշխատողները եւս, վտանգելով սեփական կեանքը, անձնուիրաբար եւ ջանասիրաբար կ՛աշխատին հիւանդներուն օգնելու եւ ժահրի յետագայ տարածումը կանխելու նպատակով:

«Քորոնա»  անհամեմատ արագ աճի հնարաւորութեամբ պայմանաւորուած` առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ է համայն հայութեան աջակցութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը իր ստացած նուիրատուութիւնները պիտի համախմբէ եւ այս նախաձեռնութեան ընթացքին հաւաքագրուած ամբողջ գումարը պիտի ուղղէ առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ բժշկական պարագաներու տրամադրման, ինչպէս նաեւ այն ընտանիքներուն, որոնք ստեղծուած իրավիճակին դիմակայելու կարիք ունին:

Նուիրատու թիւններու համար այցելել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի պաշտօնական կայք։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment