Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հայաստանի ԶԼՄ-ները եւ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը Մտահոգ են Արտակարգ Դրութեան Բերած Սահմանափակումներով

Հայաստանի ԶԼՄ-ները եւ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը Մտահոգ են Արտակարգ Դրութեան Բերած Սահմանափակումներով

by MassisPost

Լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները կը յորդորեն կառավարութիւնը, որ վերանայի արտակարգ դրութեան հետ կապուած լրատուամիջոցներու գործունէութեան սահմանափակումները ու դադրեցնէ գրաքննութիւնը։ Արդէն իսկ 2 լրատուամիջոցներ՝ «Առաւօտն» ու «Հրապարակը», ստիպուած հեռացուցած կամ վերախմբագրած են իրենց նիւթերը, քանի որ զգուշացուած են, որ հակառակ պարագային կը տուգանուին 500 հազարէն մինչեւ 800 հազար դրամով։

«Հրապարակը» ոստիկանութենէն զգուշացուած էր, երբ հրապարակած էր դատապարտեալներու դժգոհութիւններու վերաբերեալ յօդուած մը, որ ըստ թերթին՝ որեւէ առնչութիւն չունէր «Քորոնա» ժահրի նիւթին հետ։ «Հրապարակը», այնուամենայնիւ, հեռացուցած է հրապարակումը, սակայն զգուշացրած, որ կրկնութեան դէպքին որոշակի քայլեր կը ձեռնարկեն: Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ «Հրապարակի» խմբագիրը գրած է. «Արտակարգ դրութիւնը մտցուել է ԶԼՄ-ներին զսպաշապիկ հագցնելու համար»։

Aravot.am-ը նոյնպէս ոստիկանութեան զգուշացումէն յետոյ վերախմբագրած է իր նիւթը, որ կը վերաբերի ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ռուսաստանին,  «Քորոնա» ժահրի դէպքերը  թաքուն  պահելու խնդրին: Аravot.am-ի խմբագիր Աննա Իսրայէլեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին կ’ընդգծէ, որ համահունչ մեկնաբանութիւն ըրած էր ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ըսելով, որ որոշ երկիրներ չեն ներկայացներ «Քորոնա» ժահրի մասին իրական թիւերը։ Սակայն ոստիկանութիւնը այդ հրապարակումը նկատած է, որ կը խախտէ արտակարգ դրութեան որոշ պահանջներ:

«Որքան էլ ինձ պահանջը բացարձակ անհիմն է թուում, որովհետեւ ես չեմ կարծում, որ Ռուսաստանում դէպքեր թաքցնելու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը հայ հանրութեան մօտ խուճապ էր առաջացնելու, սակայն հաշուի առնելով, թէ ինչ նուրբ վիճակի մէջ ենք, քանի որ խօսքը հանրային առողջութեանը վերաբերող փաստաթղթի մասին է եւ այլն, այդ պահին հակադրութեան մէջ մտնել ճիշդ չհամարեցինք, եւ կայքում այդ նիւթը խմբագրուեց», – կը նշէ Аravot.am-ի խմբագիր Աննա Իսրայէլեան:

Վերջինս ըսաւ, որ այս համարժէք արձագանք չէ, որ ըստ էութեան լրատուամիջոցներուն կը յորդորեն ձեռնպահ մնալ որեւէ տեղեկատուութեան հրապարակումէ, որ պարետատան գնահատումով կրնայ խուճապ առաջացնել։ Խմբագիրի համոզումով երբ չկան յստակ չափանիշներ, թէ որ հրապարկումները կրնան խուճապ առաջացնել, եւ որոնք` ոչ, այդ ոչ յստակ ձեւակերպումները կամայական մեկնաբանութիւններու տեղի կու տան, ինչն էլ այժմ տեղի է ունենում. – «Լրատուամիջոցներին ստիպելով լռել, թաքցնել փաստերը, ընդ որում ոչ միայն երկրի ներսում կատարուողի վերաբերեալ, այլեւ դրսում կատարուողի վերաբերեալ, դրանցից վարակուածների վիճակը չեմ կարծում, թէ կը լաւանայ»:

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին կ’ընդգծէ, որ այն, ինչ այժմ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ կը կիրառուի լրատուամիջոցներու նկատմամբ, «գրաքննութիւն է», որ պիտի յանգի բացասական հետեւանքներու եւ իշխանութեան կողմէ ներկայացուած տեղեկատուութեան նկատմամբ վստահութեան անկումի։

Դանիէլ Իոաննիսեան ըսած է, որ ուսումնասիրած են մօտ տասը երկիրներու փորձը, ուր «Քորոնա» ժահրի պատճառով արտակարգ դրութիւն  սահմանուած է, եւ անոնցմէ միայն Ռումանիան է, որ գրաքննութիւն  սահմանած է, մինչդեռ ԱՄՆ, Պուլկարիան, Չեխեան, Իտալիան, Ղազախստանը ձեռնպահ մնացած են։

«Ժողովրդավարական երկրներում գրաքննութիւնն ու սահմանափակումները պէտք է վերացուեն մամուլի նկատմամբ», – կ’ըսէ Իոաննիսեան ու կը յորդորէ կառավարութիւնը, որ վերացնէ լրատուամիջոցներուն վերաբերող արտակարգ դրութեան սահմանափակումները։

«Գրաքննութիւնը առնուազն պէտք է վերանայ. արտակարգ դրութեան սահմաններում կարելի է օրինակի համար մամուլին պարտադրել, որ պաշտօնական տեղեկատուութիւնը հրապարակուի, բայց չսահմանափակել դրանով: Սա ուղղակի հակառակ ազդեցութիւն կարող է բերել: Երբ որ կայ գրաքննութիւն, երբ կայ միայն պաշտօնական տեղեկատուութիւն, մարդկանց մէջ սկսում է կասկածամտութեան որդը զարգանալ, որ կարո՞ղ է` իշխանութիւնն ինձ խաբում է, իսկ ես ո՞նց կարող եմ իմանալ, որ իշխանութիւնն ինձ խաբում է, ու սկսում են հաւատալ տարբեր բամբասանքների, տարբեր անհեթեթութիւնների, եւ այդպէս խուճապ է տարածուում», – կը նշէ Իոաննիսեան:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօ՞ք կառավարութիւնը կը պատրաստուի վերանայիլ լրատուամիջոցներուն վերաբերող արտակարգ դրութեան սահմանափակումները, հաշուի առնելով հնչող քննադատութիւնները, վարչապետի խօսնակ Մանէ Գէորգեան փոխանցեց, որ պարետատան ծիրէն ներս այս հարցը կը քննարկուի, բայց քանի դեռ յստակ որոշում չկայ, կը յորդորեն լրատուամիջոցները պահպանեն արտակարգ դրութեամբ սահմանուած կանոնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment