Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Յառաջիկային Առնուազն 150 Միլիառ Դրամ Աջակցութիւն կը Ցուցաբերէ Տնտեսութեան. Փաշինեան

Կառավարութիւնը Յառաջիկային Առնուազն 150 Միլիառ Դրամ Աջակցութիւն կը Ցուցաբերէ Տնտեսութեան. Փաշինեան

by MassisPost

Կառավարութիւնը յառաջիկային առնուազն 150 միլիառ դրամով կ’աջակցի տնտեսութեան, «Շանթ» հեռուստաընկերութեան հետ զրոյցի ընթացքին, յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, մանրամասնելով, որ այդ գումարի մեծ մասը՝ 80 միլիառը, պիտի յատկացուի այն ընկերութիւններուն եւ նախագիծերուն, որոնք Հայաստանը կը պատրաստեն նոր, յետ «Քորոնա» ժահր, աշխարհին։

«Առաջիկայում առնուազն 150 միլիառ դրամի կառավարութիւնը աջակցութիւն կը ցուցաբերի տնտեսութեանը: Առաջին փուլով 25 միլիառ դրամ կը յատկացնենք հետեւեալ ծրագրին. մենք ինչ կ’ասենք, այն ընկերութիւնները, որոնք կը վերցնեն վարկ հայաստանեան դրամատուներէն դրամական արտայայտութեամբ, իրենց աշխատողների աշխատավարձը վճարելու համար, իրենց հարկային պարտաւորութիւնները կատարելու համար, իրենց  ամսական վճարները վճարելու համար, հումք ձեռք բերելու համար, եւ էլի կէտեր կը լինեն, կը հրապարակուի որոշումը, մենք այդ վարկի 50 տոկոսը, կառավարութիւնը, կը համաֆինանսաւորի 0 տոկոսով, իսկ դրամատան հատուածը՝ դրամատան հատուածից տոկոսը  նպաստ կը ստանայ, որպէսզի այդ հատուածը նոյնպէս լինի 0 տոկոսով: Գիւղատնտեսական վարկերը կը  նպաստենք էնքան, մինչեւ դա դառնայ 0 տոկոս էլի», – ըսաւ վարչապետը շարունակելով. – «Երրորդը՝ մենք 30 միլիառ դրամի փաթեթ ենք պատրաստել զուտ ընկերային հրատապ աջակցութեան համար»:

«Ամենամեծ փաթեթի՝ 80 միլիառ, բայց այս մասով ես կարող եմ երաշխաւորել, որ մենք անսահմանափակ ֆինանսաւորում կ’ունենանք, մենք կը ներդնենք այն ծրագիրների մէջ, որոնք կը լինեն նորարարական՝ այն առումով, որ էդ ընկերութիւնները իրենք իրենց եւ Հայաստանի Հանրապետութեանը կը պատրաստեն նոր աշխարհին», – նշեց Փաշինեանը:

Տնտեսագէտ, Հայ ազգային քոնկրէսի ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ, կառավարութեան աջակցութիւնը տնտեսութեան անհրաժեշտ է։

Խաչատրեան ուշադրութիւն դարձուց յատկապէս վերջին կէտի՝ 80 միլիառ դրամ աջակցութեան վրայ։

«Մի քիչ շատ անորոշ է, շատ նաեւ ընդհանուր, բայց կարծում եմ՝ շարունակութիւնն է այն փիլիսոփայութեան կամ տրամաբանութեան, որ կառավարութիւնը, նոր կառավարութիւնը վերջին երկու տարիներին փորձում է հանրութեանը, գործարար շրջանակներին ներկայացնել, որ նախկինում, կամ ընդհանրապէս՝ գործող, էսպէս, աւանդական մօտեցումների փոխարէն նորերը, նոր մօտեցումներով պէտք է հանդէս գան: Խօսքը վերաբերում է հենց յատկապէս գործարարական կամ պիզնէս շրջանակներին: Ես էդպէս եմ ընդունում այս մօտեցումը, այս կոչը կամ այս ծրագրերը: Ինչքանով իրականութիւն կը դառնան՝ այ սա արդէն ուրիշ հարց է», – ըսաւ տնտեսագէտը՝ աւելցնելով. – «Կարծում եմ, որ կառավարութիւնը, բոլոր դէպքերում, նոյնիսկ էս ծանր վիճակում, չի կորցրել իր լաւատեսութիւնը եւ փորձում է այս քայլերով նաեւ իր վարքագիծը ցոյց տալ գործարար շրջանակներին, որ «մենք մնացել ենք նոյնը»: Ես էդպէս եմ գնահատում»:

Խաչատրեան կը յուսայ, որ «կ’աշխատի սա». – «Յոյս ունեմ, որ գործարար շրջանակներն էլ կ’աջակցեն, եւ, բացի սրանից, ի հարկէ, կան քայլեր, որոնք, համոզուած եմ, կառավարութիւնը հաշուի է առել, կ’անի: Հիմնականում այդ քայլերը ուղղուած պէտք է լինեն յատկապէս տեղական արտադրութեանը զարկ տալուն նորից՝ պետական պատուէրների ձեւով, գնումների ձեւով դրանք պէտք է ուղղուեն հենց հայաստանեան ընկերութիւններին, որոնք զբաղուած են պաշտպանական որոշակի ծրագրեր իրականացնելով կամ ընդհանրապէս տնտեսութեան առանձին բնագաւառներում ծրագրեր իրականացնելով: Սա երկրորդ, ես կարծում եմ, հրահանգը կը լինի կամ մօտեցումը, որ կառավարութիւնը պէտք է ցուցաբերի այսօրուայ այս տնտեսական ճգնաժամից դուրս գալու համար, որովհետեւ միայն էդ ձեւով մենք կարող ենք օգտակար լինել»:

«Եւ երրորդ մօտեցումը կայ, ես կարծում եմ, մենք անելիք ունենք նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնում», – շեշտեց Վահագն Խաչատրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment