Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Բարելաւած է Իր Դիրքերը Heritage Foundation-ի Տնտեսական Ազատութեան Ցուցակին Վրայ

Հայաստանը Բարելաւած է Իր Դիրքերը Heritage Foundation-ի Տնտեսական Ազատութեան Ցուցակին Վրայ

by MassisPost

Հայաստանը «Heritage Foundation»-ի կողմէ հրապարակուած «Տնտեսական ազատութեան ինդեքս ցուցակ 2020»-ին մէջ գրաւած է 34-րդ հորիզոնականը, բարելաւելով իր դիրքերը անցեալ տարուայ համեմատ (2019-ի ցուցակին մէջ Հայաստանը 47-րդն էր)։

Այս մասին յայտնեցին ՀՀ տնտեսական նախարարութենէն։

Հայաստանը 70.6 ցուցանիշով, 180 երկիրներու շարքին ընդգրկուած է առաւելապէս ազատ երկիրներու խումբին մէջ, մինչդեռ անցեալ տարի 67.7 ցուցանիշով չափաւոր ազատ երկիրներու խումբին մէջ էր:

Շեշտուած է, որ Հայաստանի տնտեսական ազատութիւնը վերջին 15 տարիներուն հիմնականօրէն կայուն մակարդակի վրայ էր, իսկ վերջին երկու տարին նկատելի էր «Համախառն Ներքին Արդիւնք»ի աճ. կառավարութիւնը բարեփոխումներ կատարած է, կը խթանէ արտահանումը եւ արտաքին ներդրումներու աճը հետագայ տնտեսական զարգացման նպատակով, սակայն անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել իրաւական արդիւնաւէտութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment