Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը Սահմանափակէ Ռուսաստան Դաշնութեան Հետ Ցամաքային Եւ Օդային Հաղորդակցութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը Սահմանափակէ Ռուսաստան Դաշնութեան Հետ Ցամաքային Եւ Օդային Հաղորդակցութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութեան 17 մարտի որոշումով, մինչեւ 24 մարտ, 2020 թուականը ներառեալ, պիտի սահմանափակուի Ռուսաստանի հետ ցամաքային եւ օդային հաղորդակցութիւնը, կը յայտնէ լրատուական բաժինը:

Սահմանափակումը չի վերաբերիր իրենց երկիրները վերադարձող ՀՀ եւ ՌԴ քաղաքացիներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն, օրինական հիմքերով բնակութեան իրաւունք ունեցող մարդոց, իրարու մօտ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անձնակազմերուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ պաշտօնական փոխայցելութիւններ կատարող պաշտօնատար անձերու, ՀՀ տեղակայուած ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի նորանշանակ զինծառայողներուն, անոնց ընտանիքներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ ՌԴ արձակուրդ մեկնած, գործուղման եւ բուժման մէջ գտնուող զինծառայողներուն:

Երկու երկիրներու միջեւ պիտի շարունակուի բեռնափոխադրումներու բնականոն ընթացքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment