Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Դատախազութիւնը Նախորդ Տարի Յայտնաբերած Է Պետութեան Հասցուած Մօտ 45 Միլիառ Դրամի Վնաս

Հայաստանի Դատախազութիւնը Նախորդ Տարի Յայտնաբերած Է Պետութեան Հասցուած Մօտ 45 Միլիառ Դրամի Վնաս

by MassisPost

Միայն պետական շահերու պաշտպանութեան ուսումնասիրութիւններով, նախորդ տարուայ ընթացքին դատախազութիւնը յայտնաբերած է պետութեան հասցուած մօտ 45 միլիառ դրամի վնաս, որմէ միայն նոյն գործառոյթի ծիրէն ներս վերականգնուած է մօտ 2.2 միլիառ դրամը: Այս մասին կը յայտնէ դատախազութեան հանրային կապերու բաժինը:

Դատախազներու կողմէն դատարաններ ներկայացուած են ընդհանուր մօտ 1.7 միլիառ դրամի բռնագանձման պահանջով պետական շահերու պաշտպանութեան 76 հայց: Մօտ 6 միլիառ 350 մլն դրամ պահանջով հայցերու քննութիւնը ընթացքի մէջ է:

Դատախազութեան բոլոր ստորաբաժանումներու կողմէ պետական շահերու պաշտպանութեան հարցադրումներով, ձեռնարկուած միջոցառումներով, յարուցուած հայցերով, յարուցուած քրէական գործերով եւ քննչական մարմիններ ուղարկուած նիւթերով յայտնաբերուած, պետութեան հասցուած ընդհանուր վնասը կազմած է մօտ 45 միլիառ ՀՀ դրամ, այն պարագային, երբ 2018 թուականին այդ ցուցանիշը կազմած է շուրջ 37 միլիառ դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment