Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Ռուսաստանի Դաշնութեան Օրէնսդրութեան, Վահագն Յարութիւնեանի Մեղսագրուող Արարքի Վաղեմութեան Ժամկէտը Անցած Է

Ըստ Ռուսաստանի Դաշնութեան Օրէնսդրութեան, Վահագն Յարութիւնեանի Մեղսագրուող Արարքի Վաղեմութեան Ժամկէտը Անցած Է

by MassisPost

Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը դեռեւս չէ մեկնաբանած ռուս գործընկերներու որոշումը, ըստ որուն, 1 Մարտի գործով մեղադրեալ, հետախուզման մէջ գտնուող Վահագն Յարութիւնեան օրեր առաջ ազատ արձակուեցաւ։ Յարութիւնեան մինչեւ 2011 թուական, Երեւանի 2008-ի յետընտրական իրադարձութիւններու գործը քննող քննչական խումբի ղեկավարն էր:

Գլխաւոր դատախազութիւնը, վկայակոչելով ռուս իրաւապահները, կը նշէ, որ 1 տարիէն աւելի Ռուսաստան գտնուող Վահագն Յարութիւնեան ազատ արձակուած է, քանի որ, ըստ ռուսական օրէնսդրութեան, անոր մեղսագրուող արարքի վաղեմութեան ժամկէտը անցած է։ 1 Մարտի քրէական գործի քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանը կը հետախուզուի 2018-էն:

Յարութիւնեան կը մեղադրուի ծանր յանցագործութիւններու համար։ 1 Մարտի գործը քննող Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) իրեն դէմ շարք մը մեղադրանքներ առաջադրած է, ապացոյցները կեղծելու, ինչպէս նաեւ պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման եւ բռնութեամբ զուգորդուած պաշտօնական լիազօրութիւնները անցնելու համար:

Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին, կը հաստատէ, որ Ռուսաստանի այս որոշումը իրաւական չէ։ Թէեւ երկու երկիրները կ’առաջնորդուին, այսպէս կոչուած, Մինսքի համաձայնագիրով, այդ չի նշանակեր, որ Վահագն Յարութիւնեանի մեղադրանքի ժամկէտը անցնելու վերաբերեալ դիրքորոշում պիտի յայտնէ ռուսական կողմը, կը շեշտէ իրաւապաշտպանը։

«Դա բոլորովին էլ իրաւական չէ, եւ իրաւական որոշում ակնկալել Ռուսաստանից այս գործով` հետապնդուողներու հետ կապուած, այդքան էլ տրամաբանական չէ, որովհետեւ Ռուսաստանը նրանց ուղղակի պատսպարում է, Ռուսաստանի նպատակը նրանց պաստպարելն է, ոչ թէ նրանց արտայանձնելը, ինչ վերաբերում է իրաւաբանական ձեւակերպմանը, ապա դա որեւէ քննադատութեան չի ենթարկուում, քաղաքացին հետապնդուում է Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ եւ ոչ Ռուսաստանի, եւ նրանք պէտք է ընդամէնը նրան եւ նրանց արտայանձնեն, ոչ թէ փորձեն իրենց օրէնսդրութեամբ լուծել Հայաստանի տարածքում, Հայաստան երկրում տեղի ունեցող իրաւական գործերը», – նշեց իրաւապաշտպանը:

Ան կը յիշեցնէ, որ Ռուսաստանը ապաստան տուած է Հայաստանի նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին են Վահագն Յարութիւնեանէն բացի, 1 Մարտի գործով մեղադրեալ, 2008-ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան, տարբեր գործերով մեղադրեալներ, հանրապետականներ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւորներ Միհրան Պողօսեանը եւ «Ալրաղացի Լյովիկ» մականունով յայտնի Լեւոն Սարգսեանը:

«Ռուսաստանը յայտնի է որպէս տարբեր այդ կարգի յանցագործութիւններ գործած կամ այդ կարգի յանցագործութիւններում մեղադրուող մարդկանց պատսպարող երկիր, եւ այստեղ իմաստ էլ չունի խօսել իրաւական գործընթացներուց, այստեղ մենք պէտք է ելնենք միայն Ռուսաստանի դերից ու նշանակութիւնից: Ռուսաստանը չի ընդունել, չի ընդունում եւ չի էլ ընդունելու մեր երկրում տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը», – նկատեց Վարդան Յարութիւնեան:

Մինսքի համաձայնագիրի 57 յօդուածի համաձայն` քաղաքացիի յանձնումը տեղի չի ունենար, եթէ յանձնող երկրի օրէնսդրութեամբ, քրէական հետապնդում կարելի չէ յարուցուի վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու պատճառով։ Վահագն Յարութիւնեանին մեղսագրուող արարքը կը պատկանի ծանր յանցագործութեան շարքին։ Ռուսաստանի քրէական օրէնսգրքի 78 յօդուածի համաձայն` ծանր յօդուածներու պարագային քրէական հետապնդումը կը դադրի 10 տարի յետոյ։

Մինչեւ մեղադրեալ ներգրաւուիլը, բուժման նպատակով Ռուսաստանի մայրաքաղաք մեկնած Յարութիւնեան, մեղադրանքը չէ ընդունած: «Ազատութեան» հետ զրոյցին, ան հաստատած է որ քրէական գործը ապօրինի է, անհիմն եւ շինծու։ Յարութիւնեանի փաստաբան Միհրան Պողոսեան եւս չէ մեկնաբանած ազատ արձակման որոշումը։ Ան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է, որ Ռուսաստանի մէջ ձերբակալումէն յետոյ, Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը (ՅՔԾ) դիմած էր դատարան, խնդրելով Յարութիւնեանը կալանաւորելու որոշում կայացնել, դատարանը, սակայն, մերժած է այդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment