Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըսի Ազգային Հաստատութիւնները Եւս Փակ Են

Լոս Անճելըսի Ազգային Հաստատութիւնները Եւս Փակ Են

by MassisPost

Ամերիկայի տարածքին խիստ քայլերու կը դիմուի «Քորոնա» ժահրի համաճարակին առաջքը առնելու նպատակով: Պաշտօնեաները կը խրախուսուին տունէն աշխատիլ: Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ փակուած են ճաշարաններն ու գիշերային վայրերը, իսկ ժողովուրդին` յատկապէս երէց տարիքի մարդոց կը թելադրուի տունէն դուրս չգալ:

Ստեղծուած այս արտակարգ վիճակէն մեկնելով փակուեցան Հայկական բոլոր վարժարաններն ու ազգային հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ յետաձգուեցան հրապարակային միջոցառումները: Եկեղեցիներու մէջ պատարագները կը մատուցուին առանց ժողովուրդի եւ կամ կը թելադրուի, որ տարեցները ներկայ չգտնուին արարողութիւններուն:

«Մասիս» շաբաթաթերթ եւս կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ: Մեր այս թիւը լոյս կը տեսնէ աւելի փոքր ծաւալով: Պիտի փորձենք պահել թերթի հերթականութիւնը` սակայն ամէն ինչ կախեալ է հետագայ զարգացումներէն:
Հայկական աշխարհի վերջին իրադարձութիւններուն կարելի է հետեւելու MassisPost.com կայքի անգլերէն եւ հայերէն բաժիններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment