Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Forbes-ը Գիւմրին Ընդգրկած Է Գարնան Այցելելու Համար Ամենագեղեցիկ Վայրերու Ցանկին Մէջ

Forbes-ը Գիւմրին Ընդգրկած Է Գարնան Այցելելու Համար Ամենագեղեցիկ Վայրերու Ցանկին Մէջ

by MassisPost

«Ֆորպզ» ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականը կազմած է 17 ամենագեղեցիկ վայրերու ցանկը, ուր կարելի է մեկնիլ գարնան, ընդգրկելով նաեւ Գիւմրին: Ըստ «Արմենպրես»-ի, ցանկը ս կազմուած է զբօսաշրջութեան ոլորտի փորձագէտներու կարծիքներու հիման վրայ։

«Գերմանիայէն եւ Յունաստանէն դէպի Գիւմրի օդանաւային  ընկերութիւններու նոր չուերթներուն մէջ, Հայաստանի երկրորդ քաղաքը, վերջապէս, յայտնուած է ուշադրութեան կեդրոն եւ այլեւս չի ասոցացվում առընչուիր միայն 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի հետ: Գարունը ֆանտաստիք բացառիկ ժամանակ է Գիւմրի այցելելու համար, երբ խիստ ձմեռները կը հանդարտին եւ քաղաքը կը լեցուի ծաղիկներով ու բոլորը կը պատրաստուին Զատիկի տօնին, որ կը նշուի հիւթեղ միրգերով եւ փլաւի առատ ափսեներով: Գիւմրին յայտնի է իր կոլորիտով երանգներով ու մշակութային հաստատութիւններով, համեղ ուտեստներով եւ հիւմորով գիւմրեցիներով»,- ըսած է յօդուածը։

Յօդուածի հեղինակը խորհուրդ կու տայ Գիւմրիի մէջ համտեսել տեղի պանրխաշը՝ պատրաստուած պանիրէ եւ լաւաշէ:

«Ֆորպզ»-ի 17 ամենագեղեցիկ վայրերու ցանկին վրայ ներառուած են նաեւ Լոնտոնը, Վանքուվըրը, Թիֆլիսը, Մեքսիք, ինչպէս նաեւ Մարոքի, Իսլանտայի, Փաքիստանի, ԱՄՆ-ի եւ Փերուի շարք մը քաղաքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment