Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազութիւն. Հանրաքուէին Հետ Առնչուող Առերեւոյթ Ընտրախախտումներու Մասին Ահազանգերով Տուեալներ Ստուգուած Են

Դատախազութիւն. Հանրաքուէին Հետ Առնչուող Առերեւոյթ Ընտրախախտումներու Մասին Ահազանգերով Տուեալներ Ստուգուած Են

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութեան աշխատանքային խումբը ուսումնասիրած եւ ամփոփած է 5 Ապրիլին կայանալիք Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի ծիրէն ներս, 10 Փետրուարէն մինչեւ 4 Մարտ ժամը 11.00-ի դրութեամբ արձանագրուած ընտրական բնոյթի ենթադրեալ իրաւախախտման դէպքերը: Այս մասին յայտնած են դատախազութեան հանրային կապերու բաժնէն:

Ըստ որու, նշուած ժամանակահատուածին ստացած են առերեւոյթ ընտրական իրաւախախտումներու վերաբերեալ 19 հաղորդում, անոնց կարգին՝ ահազանգ, ոստիկանութեան ծառայողի զեկուցագիր եւ հրապարակում:

Անոնցմէ վեցի տուեալները, ստացուած են զանգուածային լրատուամիջոցներու հրապարակումներու, ընկերային ցանցերու կատարուած գրառումներու հիման վրայ, որոնք հասանելի դարձած են գլխաւոր դատախազութեան աշխատանքային խումբի կատարած մշտադիտարկմամբ. իննի՝ քաղաքացիի կողմէ դատախազութեան ներկայացուած դիմումներէ, մէկը՝ դատախազութեան թէժ գիծին քաղաքացիի կատարած ահազանգէ, երկուքը՝ քաղաքացիներու կողմէն ոստիկանութիւն կատարուած ահազանգերէն, մէկը՝ ոստիկանութեան աշխատակիցներու կողմէ ներկայացուած զեկուցագիրներէն:

Նշուածներէն 9 հատը նոյն անձի կողմէ ներկայացուած դիմումներ են, որոնք եղած են առերեւոյթ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ: Անոնք առերեւոյթ յանցագործութեան մասին հաղորդում չհանդիսանալու պատճառով, ստուգման յանձնարարութիւն տալու անհրաժեշտութեան բացակայութեան կապակցութեամբ դիմում ներկայացուցած անձին տրուած են պարզաբանութիւններ:

Միւս 10 դէպքերը պարունակած են վերացական եւ ընդհանուր բնոյթի տեղեկութիւններ: Անոնք ուսումնասիրուած են աշխատանքային խումբի կողմէ եւ դատախազութեան ստորաբաժանումներու դատախազներու հսկողութեան տակ  ստուգուած կամ կը շարունակուին ստուգուիլ:

Մասնաւորապէս, անոնցմէ 8-ը, արդէն իսկ հերքուած ենթադրեալ իրաւախախտման փաստը, ոստիկանութեան ծառայողներու զեկուցագիրներուն հիման վրայ ձգուած են անհետեւանք, իսկ 2-ով կը կատարուին  ստուգողական գործողութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment