Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերջին Հինգ Տարիներուն Հայաստան 415 Տոկոսով Աւելցուցած Է Զէնք-Զինամթերքի Ներմուծումը. SIPRI

Վերջին Հինգ Տարիներուն Հայաստան 415 Տոկոսով Աւելցուցած Է Զէնք-Զինամթերքի Ներմուծումը. SIPRI

by MassisPost

Վերջին հինգ տարիներուն Հայաստանը 415 տոկոսով աւելցուցած է զէնք-զինամթերքի ներմուծումը նախորդ հնգամեակի՝ 2010-2014 թուականներու համեմատ, կը պնդէ կը հաստատէ Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու ինսթիթութի (SIPRI) հրապարակած զեկոյցը: Հեղինակաւոր կառոյցը կը փաստէ, որ ներկրումներու ներմուծումներու առիւծի բաժինը՝ 94 տոկոսը Ռուսաստանէն է:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, անցեալ հինգ տարիներուն Ատրպէյճանը շուրջ 40 տոկոսով նուազեցուցած է զէնք-զինամթերքի ներմուծումը նախորդ հնգամեակի համեմատ: Ըստ զեկոյցի, 2015-19 թուականներուն Ատրպէյճանը զէնքի ձեռքբերման ծաւալներով գերազանցած է Հայաստանը աւելի քան երեք անգամով: Ընդ որում, ատրպէյճանական բանակը զինատեսակներու 60 տոկոսը ներմուծել է Իսրայէլէն, եւ միայն 31 տոկոսը՝ Ռուսաստանէն:

Յիշեցնելով 2016 թուականի քառօրեայ պատերազմը՝ զեկոյցը կը փաստէ, որ հիմա երկու երկրներն ալ կ՛ընդարձակեն իրենց ռազմական կարողութիւնները՝ ձեռք բերելով նաեւ հրթիռներ, որոնք կրնան շատ աւելի մեծ հեռաւորութեամբ խոցել հակառակորդի թիրախները:

Հարեւան Թուրքիան, որ 90-ականներուն զէնքի ներմուծման ծաւալով աշխարհի երրորդն էր, անցեալ հնգամեակին, մօտ երկու անգամ կրճատած է գնումները եւ այժմ կը գրաւէ 15-րդ հորիզոնականը: Փորձագէտները կը փաստեն, որ հիմնական պատճառը այնքան ալ Անգարայի խաղաղասիրութիւնը չէ, ուղղակի վերջին տարիներուն էականօրէն սրուած են Թուրքիոյ յարաբերութիւնները մատակարար երկիրներու հետ, որոնց կարգին են Միացեալ Նահանգներն ու Գերմանիան:

Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ մնալ աշխարհի առաջատարը զէնք վաճառող երկիրներու շարքին. «2014-19 թուականներուն Ուաշինկթոն ա՜լ աւելի ամրապնդած է այս դիրքը, աւելցնելով զէնքի արտահանումը 23 տոկոսով», – կը փաստէ զեկոյցը, աւելցնելով թէ Ամերիկան անցեալ հնգամեակին 76 տոկոսով աւելի շատ զէնք-զինամթերք վաճառած է, քան Ռուսաստանը, որ երկրորդն է առաջատարներու ցանկին վրայ:

Ռուսական զէնքի վաճառքը միջազգային շուկային մէջ 2014-19 թուականներուն կրճատուած է մօտ 20 տոկոսով: Հիմնական պատճառներէն մեկը Հնդկաստանն է, որ ժամանակին ռուսական զէնքի ամենամեծ ներմուծողն էր, սակայն վերջին տարիներուն կրճատած է ծաւալները:

Ռուսաստանի փոխարէն հնդկական շուկայ մտած է Ֆրանսան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment