Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ալան Սիմոնեանի Մամլոյ Ասուլիսը Լոս Անճելըսի Մէջ

Ալան Սիմոնեանի Մամլոյ Ասուլիսը Լոս Անճելըսի Մէջ

by MassisPost

Մոնթեվիտէոյի մէջ մասնակցելէ ետք Ուրուկուայի նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան, անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս ժամանած էր Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Ալան Սիմոնեան:

Մարտ 5-ին, ՀՀ Հիւպատոսարանէն ներս, ան հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսահայ մամուլի եւ հեռատեսիլներու լրագրողներուն հետ` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները:

Ապրիլ 5-ին տեղի ունենալիք Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին մասին խօսելով Պր. Սիմոնեան նախ ներկայացուց դատական համակարգէն ներս փոփոխութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան, սկսելով անոր գլխաւոր օղակը հանդիսացող Սահմանադրական Դատարանին: Ան բացատրեց թէ ինչպէս Դատարանի նախագահը ինքնիրեն համար ապահոված է պաշտօնավարում մինչեւ 2035, երբ գործող սահմանադրութեամբ այդ պաշտօնը սահմանափակուած է 6 տարիով: «Մենք դատաւորներուն հեռաձայնելով հրահանգ չենք տար, ըստ երեւոյթին սակայն, անոնք կը շարունակեն հեռաձայններ ստանալ այլ տեղերէ», ըսաւ Խորհրդարանի փոխ նախագահը: Այս առթիւ ան կոչ ըրաւ արտասահմանի մէջ ապրող Հայաստանի քաղաքացիներուն հանրաքուէի առթիւ այցելել հայրենիք եւ մասնակցիլ այդ կարեւոր իրադարձութեան:

Հայաստանի քաղաքացիներուն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք տալու վերաբերեալ հարցին պատասխանելով Պր. Սիմոնեան յայտնեց որ, Հայաստանը ունի իւրայատուկ իրավիճակ, երբ դուրսը ապրողներուն թիւը աւելի շատ է քան՝ ներսը եւ այս առումով հարցին պէտք է մօտենալ ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ արտաքին ուժերու միջամտութենէն՝ Հայաստանի ընտրական գործընթացներուն:

Ալան Սիմոնեանի կողմէ առաջարկուած եւ Հայաստանի ազգային հիմնը փոխելու վերաբերեալ հարցին պատասխանելով ան յայտնեց որ, ինք այդ նախաձեռնութիւնը սկսած էր քաղաքացիներու եւ մտաւորականներու կողմէ իրեն եղած բազմաթիւ դիմումներուն ընդառաջելով, սակայն հակառակ կողմի հակազդեցութիւնը նկատի առնելով, այդ ծրագիրը առայժմ սառած վիճակի մէջ է: «Ես պիտի չուզէի որ ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ երբ ժողովուրդի կէսը դէմ ըլլայ նոր քայլերգին, ինչպէս որ է ներկայիս երբ մեծ թիւով մարդիկ դէմ են ներկայի օրհներգին»:

Արցախի հարցի մասին խօսելով Սիմոնեան դրական նկատեց Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ հրապարակային քննարկումը, որովհետեւ փակ դուռերու ետեւը տեղի ունեցած խօսակցութիւներէն ետք, կողմերը դուրս կու գան եւ իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով կը ներկայացնէ այդ խօսակցութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment