Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ֆրանսահայերը Կ’ահազանգեն Փարիզի Քաղաքապետի Թեկնածուի Եւ Ատրպէյճանի Իշխանութեան Կապերու Մասին

Ֆրանսահայերը Կ’ահազանգեն Փարիզի Քաղաքապետի Թեկնածուի Եւ Ատրպէյճանի Իշխանութեան Կապերու Մասին

by MassisPost

Փարիզի քաղաքապետի ընտրութիւններուն, որպէս թեկնածու առաջադրուած Ռաշիտա Տաթին սերտ կապեր ունի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ: Ըստ «Արմենպրես»-ի, այս մասին Marianne օնլայն հարթակի վրայ հրապարակուած յօդուածին մէջ, կ’ահազանգեն Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհրդի նախագահ՝ Մուրատ Փափազեան, «Nouvelles d’Arménie» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Թորանեան եւ Իլ տէ Ֆրանսի քաղաքային խորհրդի անդամ՝ Պատրիկ Կարամը:

Յօդուածը կը նշէ, որ Տաթին յայտնի   է մենատիրական եւ ոչ ժողովրդավար Ատրպէյճանի իշխանութեան հետ իր սերտ կապերով: Ան եղած է Ատրպէյճանի բարեկամներու միութեան անդամ, որ համարուած է Ֆրանսայի «խաւեարային դիւանագիտութեան» գլխաւոր գործիքը:

«Արժէ՞ յիշեցնել, որ մատամ Տաթին, որ կը յայտարարէ Պաքուին իր սատարման մասին, դէմ արտայայտուած է  2017թ. Եւրախորհրդարանի հետաքննութեան, եւրոպացի քաղաքական գործիչներու վրայ Ատրպէյճանի կողմէ անօրինական միջոցներով ճնշում գործադրելու հարցով»,- նշուած է յօդուածին մէջ:

Ռաշիտայի մտերմութիւնը Ալիեւի համակարգին հետ վառ արտայայտուած է իր կողմէն 2011թ. Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի պատուոյն կազմակերպուած մեծ խնճոյքի ընթացքին: Փարիզի քաղաքապետի թեկնածուն յատկապէս 2016թ. Ատրպէյճանի կողմէ  սանձազերծուած ապրիլեան պատերազմէն յետոյ, հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղ բնակող հայերու դէմ յայտարարութիւններով:

Յօդուածի հեղինակները կը յուսան, որ Ռաշիտա Տաթին կը դադրեցնէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ իր արտօնեալ յարաբերութիւնները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment