Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեմոկրատ Կուսակցութիւնը «Սուփըր Երեքշաբթի»-էն Ետք

Դեմոկրատ Կուսակցութիւնը «Սուփըր Երեքշաբթի»-էն Ետք

by MassisPost

Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու միջկուսակցական պայքարը թեւակոխեց վճռական փուլ ու հրապարակի վրայ գլխաւորաբար մնացին երկու թեկնածուներ՝ նախկին փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Վըրմանթ նահանգէն ծերակուտական Պըրնի Սէնտըրզ, որ ինքզինք կը նկատէ դեմոկրատ սոցիալիստ:

Ընտրապայքարի ցարդ ամենաթէժ օրը հանդիսացաւ Մարտի 3-ը, որու ընթացքին հրապարակի վրայ մնացած չորս թեկնածուներ պայքարեցան տիրանալու համար աւելի քան 1300 պատգամաւորներուն՝ 14 նահանգներու մէջ, որոնց շարքին երկու մեծ նահանգներ՝ Քալիֆորնիան իր 494 պատգամաւորներով եւ Թեքսասը իր 228 պատգամաւորներով: Նկատի ունենալով այդ օրուայ վճռական կարեւորութիւնը մամուլը զայն կը կոչէր «Սուփըր Երեքշաբթի»:

Ընտրարշաւը Քալիֆորնիա չհասած շատ մը մեկնաբաններ Ճօ Պայտընի թեկնածութիւնը սկսած էին նկատել մահամերձ, նկատի ունենալով որ, առաջին երեք նահանգներուն մէջ՝ Այովա, Նիւ Համփշայր եւ Նեվատա, ան արձանագրած էր շատ տկար արդիւնքներ: Ան նաեւ դժուարութիւն կ՛ունենար յաջող ընտրապայքար տանելու համար ժողովուրդէն նուիրատուութիւններ հաւաքելու մէջ, գրասենեակներ բանալու, աշխատողներ վարձելու եւ մանաւանդ հեռատեսիլի ծախսալից ծանուցումներուն գումարներ հասցնելու համար:

Միւս կողմէ, Պայտընի այլ մրցակիցները ու գլխաւորաբար Պըրնի Սէնտըրզ, ժողովուրդի նուիրած փոքր գումարներով, ամսական 30-40 միլիոն տոլար գումար կը հաւաքէր, տասնեակ հազարաւոր համակիրներու մասնակցութեամբ հանրահաւաքներ կ՛ունենար ու կը յայտարարէր, որ եկած է Ամերիկայի մէջ «յեղափոխութիւն» կատարելու ժամանակը եւ երկիրը ազատելու խոշոր ընկերութիւններու եւ դրամատուներու ճիրաններէն ու ժողովուրդը դարձնելու երկրին տէրը:

Սէնտըրզի յառաջ մղած գաղափարները, մանաւանդ առողջապահութիւնը բոլորի համար ձրի դարձնելու ծրագիրը, մեծ ընդունելութիւն կը գտնէին յատկապէս երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան մօտ, որոնք դարձած էին ամենէն երեց թեկնածուի, ամենէն ջերմ համակիրները, որոնց շնորհիւ ան հասաւ յաղթանակներու՝ առաջին երեք նահանգներուն մէջ: Շատեր սկսած էին Սէնտըրզի վերջնական յաղթանակը նկատել անխուսափելի:

Անցեալ Շաբաթ օր, երբ ընտրութիւնները հասան Հարաւային Գարոլայնա, ուր Դեմոկրատ ընտրողներու 60 տոկոսը սեւամորթ Ամերիկացիներ էին, ամէն ինչ շրջեցաւ: Այդ նահանգի ընտրողները խուռներամ եկան Պայտընի աջակցութեան, որպէս Ամերիկայի առաջին սեւամորթ նախագահ՝ Պարաք Օպամայի փոխ նախագահը: Հոն արձանագրուած մեծ յաջողութենէ ու շարք մը այլ թեկնածուներու՝ ի նպաստ Պայտընի ընտրապայքարէն դուրս գալէն ետք, ամէն ինչ անակնկալօրէն փոխուեցաւ: Մարտ 3-ին ան արձանագրեց անսպասելի արդիւնքներ գրեթէ բոլոր նահանգներու մէջ ու դարձաւ ընտրարշաւի յառաջատարը: Այսպիսով վերականգնուեցաւ նաեւ Դեմոկրատ ընտրողներու մօտ այն համոզումը եւ վստահութիւնը, որ Պայտըն ունի ամենէն մեծ հաւանականութիւնը՝ պարտութեան մատնելու Տանոլտ Թրամփը, բան մը որ առաջնահերթութիւն է անոնց համար:

Ընտրապայքարի մնացեալ օրերուն սուր պայքար կը սպասուի Պայտընի եւ Սէնտըրզի միջեւ: Տակաւին կան 33 նահանգներ, որոնք եւս պիտի ըսեն իրենց խօսքը: Սակայն, պատմութիւնը կը յուշէ որ, այս հանգրուանի առաջ անցնող թեկնածուն ընդհանրապէս ինքն է, որ կը դառնայ կուսակցութեան դրօշակակիրը՝ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment