Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱԳՆ. Թուրքիան Չի Կրնար Ղարաբաղեան Գործընթացին Մէջ Որեւէ Դեր Ունենալ

ԱԳՆ. Թուրքիան Չի Կրնար Ղարաբաղեան Գործընթացին Մէջ Որեւէ Դեր Ունենալ

by MassisPost

Թուրքիան չի կրնար ղարաբաղեան գործընթացին մէջ որեւէ դերակատարում ունենալ: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը. հակադարձելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան:

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի հանդիպման վերաբերեալ հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը ղարաբաղեան գործընթացին, Աննա Նաղդալեանը, Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցմամբ, արձագանգած է. – «Արդէն իսկ եղել է ՀՀ ԱԳ նախարարի համապատասխան անդրադարձը: Յաւելենք, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութեամբ, որը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրից ներս արտայայտւում է նաեւ Ատրպէյճանին ցուցաբերուող միակողմանի ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ, Թուրքիան չի կարող ԼՂ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացում որեւէ դերակատարում ունենալ»:

Նախօրէին համանախագահներու հետ հանդիպման ժամանակ Մեւլութ Չաւուշօղլուն անոնց կոչ ըրած էր աշխոյժացնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծմանն ուղղուած ջանքերը:

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման ուղղութեամբ պէտք է աւելի արդիւնաւէտ գործի: Այդ լուծումը պէտք է ամբողջութեամբ համապատասխանի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներին եւ այդ երկրի միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններին», – յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment