ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի համար արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ մեծագոյն խնդիրներէն մէկը կը համարէ փոքր երկրի ներկայացուցիչի որոշակի բարդոյթը յաղթահարելը:
Այս մասին Փաշինեանն ըսած է Մարտ 2-ին դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակցի օրուան նուիրուած միջոցառման ընթացքին:
«Մեր դիւանագիտութիւնը մեր նորանկախ պատմութեան ընթացքում ունեցել է փառահեղ յաջողութիւններ, եղել են նաեւ որոշակի խնդիրներ, ձախողումներ, այս գործընթացը պէտք է անցնենք: Սա յատուկ է ցանկացած երկրի դիւանագիտութեանը: Մեր մեծագոյն խնդիրը պէտք է լինի փոքր երկրի ներկայացուցչի որոշակի բարդոյթը յաղթահարելը: Որքան էլ այն բնական լինի, այդ բարդոյթը մեզ շատ տեղերում խանգարում է: Միայն դիւանագիտական համակարգը չի կարող այդ բարդոյթը յաղթահարել, այն պէտք է յաղթահարուի ամէն քաղաքացու մակարդակում, պետական ողջ հիմնարկի ամէն կառոյցի մակարդակում»,- ըսած է Փաշինեանը:
ՀՀ վարչապետը շնորհաւորած է եւ շնորհակալութիւն յայտնած է դիւանագիտական ծառայութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն: Փաշինեանը հաւաստիացուցած է, որ լիարժէքօրէն եւ անկեղծօրէն կը հաւատայ, որ այսօր դիւանագիտական ծառայութիւնն ունի Հայաստանի նկատմամբ աշխարհի վերաբերմունքը փոխելու հնարաւորութիւնը: