Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալեն Սիմոնեան Մոնթեվիտէօ Մէջ Մասնակցած է Ուրուկուայի Նոր Նախագահի Երդմնակալութեան

Ալեն Սիմոնեան Մոնթեվիտէօ Մէջ Մասնակցած է Ուրուկուայի Նոր Նախագահի Երդմնակալութեան

by MassisPost

Ուրուկուայի նոր նախագահ Լուիս Լաքալէ Փոուի երդման եւ պաշտօնի ստանձնման արարողութիւններուն մասնակցելու նպատակով Մոնթեվիտէօ ժամանած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանը:

Հայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին Սիմոնեանը տեղեկացուցած է, որ երբ դեսպան Էսթերա Մկրտումեանի հետ միասին ողջունած են նոր նախագահը, Լուիս Լաքալէ Փոուն մասնաւորապէս ըսած է. – «Արդէն ունինք hինգ տարի աշխատելու համար, որպէսզի ես դառնամ Ուրուկուայի առաջին նախագահը, որ կ’այցելէ Հայաստան»:

46-ամեայ Լուիս Լաքալէ Փոուն Ուրուկուայի նախագահ ընտրուած է անցած տարուան Նոյեմբերին։ Ան աւանդական Ազգային կուսակցութեան առաջնորդներէն է, սակայն անոր թեկնածութիւնը պաշտպանած են 5 քաղաքական ուժեր՝ աջակողմեան «Բազմագոյն դաշինքի» շրջագիծէն ներս:

Լուիս Լաքալէ Փոուի հայրը նախագահ եղած է 1990-1995 թուականներուն, եւ անոր օրօք Ուրուկուայն ու Հայաստանը հաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment