Home Uncategorized Հայաստանի Եւ Արցախի Աշխարհիկ Ու Հոգեւոր Առաջնորդները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին

Հայաստանի Եւ Արցախի Աշխարհիկ Ու Հոգեւոր Առաջնորդները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

1988 թուականի Փետրուար 27-29-ին Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ գործադրուած հայերու ջարդերու 32-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ հոգեւորականներ այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։

Վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ պետութեան ղեկավարը ծաղկեպսակ դրած է եւ ծաղիկներ խոնարհած է զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններուն:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ՝ ծաղկեպսակներու զետեղման պաշտօնական արարողութենէն ետք Վեհափառը միւս հոգեւորականներու հետ աղօթք բարձրացուցած է Սումկայիթի մէջ զոհուածներու հոգիներու հանգստութեան համար, ապա ծաղիկներ դրած անոնց յիշատակին տեղադրուած խաչքարերուն առջեւ:

Սումկայիթի ջարդերու 32-րդ տարելիցին առիթով՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 28-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ դրած անմեղ զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին:

Այս մասին կը յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment