Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեանի Համոզմամբ Անհրաժեշտ Թիւով «Այո» Ձայները Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիները Կու Տան

Արարատ Միրզոյեանի Համոզմամբ Անհրաժեշտ Թիւով «Այո» Ձայները Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիները Կու Տան

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի համոզմամբ, սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի կայանայ, եւ Ապրիլ 5-ին քաղաքացիները անհրաժեշտ թիւով քուէ պիտի տան։

Նշենք, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը եւ եւս 6 դատաւորներ պաշտօնանկ ընելու հարցով սահմանադրական փոփոխութիւնը ընդունելու համար անհրաժեշտ է մօտ 650 հազար քաղաքացիի կողմ քուէ։

Նախընտրական քարոզարշաւը թէեւ պաշտօնապէս արդէն մեկնարկած է անցած շաբաթէն, սակայն միջոցառումներ դեռ չեն կայանար։ Ազգային ժողովի նախագահն ըսած է, որ քարոզարշաւի մեկնարկը պիտի տրուի վաղը կայանալիք դրամահաւաքի երեկոյին, ուր «Այո»- ի շտապը պիտի ներկայացնէ, թէ ինչ կարգախօսով, երգով եւ զինանշանով պիտի մասնակցին։

Ի դէպ, «Ասում եմ այո» քարոզչական երգը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն արդէն հրապարակած է ֆեյսպուքեան իր էջին, որ նաեւ քննադատական գնահատականներու արժանացած է։ Հայկ Ստուերի ստեղծագործութիւնը սակայն Ազգային ժողովի նախագահը հաւնած է, յատկապէս կրկներգը։

Չունի՞ք մտավախութիւն, որ կրնայ հանրաքուէն չկայանալ, 650 հազարէն աւելի «այո» չըլլայ հարցին, Միրզոյեանը պատասխանած է. – «Ես իրատեսական չեմ համարում այդպիսի վարկածը։ Ես կարծում եմ, որ ի վերջոյ հանրաքուէն կը կայանայ, եւ անհրաժեշտ թուով «այո» ձայները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կը տան առաջարկուող փոփոխութեան օգտին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment