Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Գործով Առաջին Դատական Նիստը՝ Փետրուար 25-ին

Սերժ Սարգսեանի Գործով Առաջին Դատական Նիստը՝ Փետրուար 25-ին

by MassisPost

Պետական պիւտճէէն մօտ կէս միլիառ դրամի յափշտակութիւն կազմակերպելու մէջ մեղադրուող երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գործով առաջին դատական նիստը նշանակուած է առաջիկայ Երեքշաբթի` Փետրուար 25-ին: Ըստ «Դատալեքս» համակարգի՝ նիստը պիտի կայանայ Նոր Նորքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, դատաւոր Վահէ Միսակեանի նախագահութեամբ:

Գործով կայ ընդհանուր 5 մեղադրեալ, այդ շարքին՝ նախկին գիւղական նախարար Սերգօ Կարապետեանը եւ Սերժ Սարգսեանի մտերիմներէն «Ֆլեշ» ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեանը:

Երրորդ նախագահի փաստաբան Ամրան Մակինեանն «Ազատութեան» փոխանցած է՝ Սարգսեանը առաջին դատական նիստին պիտի ներկայանայ: Իրենց յետագայ գործողութիւններու մասին հարցերուն չէ պատասխանած, միայն պնդած է՝ մեղադրանքն ապօրինի է։

«Քրէական գործն ակնյայտ քաղաքական հիմք ունի, շատ ցցուն է, փորձում ենք ապացոյցներ գտնել, որ ընդհանրապէս այստեղ յանցագործութիւն է տեղի ունեցել, դեռ չասենք, որ որեւէ անձ առնչութիւն ունի, չկայ այդպիսի յանցագործութիւն, դէպքի առթիւ ապացոյցներ», – ըսած է Մակինեանը։

«Ազատութեան» դիտարկման, որ մեղադրանքին մէջ ըսուած է, որ պարոն Սարգսեանը կազմակերպած է այդ ամբողջ գործընթացը, Մակինեանն արձագանգած է. «Ես կը խնդրեմ դատարան գաք եւ տեսնէք, թէ ընդհանրապէս ինչ է տեղի ունեցել»։

Ըստ մեղադրանքի՝ քննուող դէպքը տեղի է ունեցել 2013 թուականին։ Յատուկ քննչական ծառայութեան փոխանցմամբ՝ գիւղացիների համար պետական ծրագրով ձեռք բերուած է աւելի քան 17 միլիոն լիթր վառելիք: Մատակարարման ցանկութիւն յայտնած են շարք մը, այդ շարքին` «Մաքսհուր» եւ «Ֆլեշ» ընկերութիւնները:

Նախաքննական մարմնի հաղորդագրութեան համաձայն՝ ամենաաժան գնային առաջարկը ներկայացուցած է «Մաքսհուր» ընկերութիւնը, բայց Սերժ Սարգսեանը անձնական շահագրգռուածութիւն ցուցաբերած է, որ մրցոյթին մասնակցի իր մտերիմ Բարսեղ Բեգլարեանի «Ֆլեշ» ընկերութիւնը եւ պայմանագիր կնքուած է «Ֆլեշ»-ի հետ եւ պիւտճէէն յափշտակուած է կէս միլիառ դրամ:

Սերժ Սարգսեանի փաստաբանը ըսած է՝ մեղադրանքը մէկ անձի ցուցմունքի հիման վրայ կառուցուած է․ «Կայ մի ցուցմունք, մի անձի ցուցմունք, ով նոյն հարցի վերաբերեալ, իրեն տրուած հարցադրումների հետ կապուած տրամագծօրէն հակառակ պատասխաններ է տուել»։

Իրավապաշտպան Արթուր Սաքունցը հակադարձած է՝ այստեղ քաղաքական հետապնդման որեւէ տարր չկայ: Հակառակը՝ իր զարմանքը յայտնած է, որ յեղափոխութենէն 1,5 տարի անց Սերժ Սարգսեանին առաջադրուած միակ մեղադրանքը վառելիքի գործով կէս միլիառ դրամի յափշտակութեան կը վերաբերի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment