Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի «Միւնիխեան Սկզբունքները»

Փաշինեանի «Միւնիխեան Սկզբունքները»

by MassisPost

Փետրուար 15-17, տեղի ունեցաւ Միւնիխի Անվտանգութեան Խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի աւելի քան 70 երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ, արտաքին գործոց նախարարներ եւ բարձրաստիճան դիւանագէտներ: Հայաստան այս համաժողովին ներկայ էր նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մակարդակով: Ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Համաժողովի շրջագիծէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հետաքրքիր բանավէճ-քննարկում, որու ընթացքին կողմերը ներկայացուցին ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ իրենց երկիրներու տեսակէտները եւ հարցի լուծման եղանակներու մասին իրենց պատկերացումներ:

Բանավէճի աւարտին Հայաստանի վարչապետը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ ներկայացուց գլխաւոր այն 6 սկզբունքները, որոնք իր կողմէ հնչած էին Ալիեւի հետ քննարկման ժամանակ, զանոնք անուանելով՝ «Միւնխեան սկզբունքներ»:

«1. Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն է ստացել այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանը:

2. Լեռնային Ղարաբաղը կոնֆլիկտի եւ բանակցային կողմ է, առանց որի հետ բանակցելու հնարաւոր չէ լուծել կոնֆլիկտը:

3. Չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն. Լեռնային Ղարաբաղը չի կարող զիջել իր անվտանգութիւնը:

4. Հնարաւոր չէ կոնֆլիկտը լուծել մէկ կամ երկու գործողութեամբ. բանակցային գործընթացում անհրաժեշտ են «միկրօ յեղափոխութիւններ», ապա «մինի յեղափոխութիւններ», ապա ճեղքում:

5. Հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի լինի Հայաստանի ժողովրդի համար, Ղարաբաղի ժողովրդի համար, Ատրպէյճանի ժողովրդի համար եւ Հայաստանն ու Ղարաբաղը պատրաստ են լրջագոյն ջանքեր գործադրել նման լուծում գտնելու համար: Այսպիսի պատրաստակամութիւն պիտի ցուցաբերի նաեւ Ատրպէյճանը:

6. ԼՂ հարցը չունի ռազմական լուծում: Եթէ որեւէ մէկը կասի, որ հարցը ռազմական լուծում ունի, Ղարաբաղի ժողովուրդը կասի՝ ուրեմն այն վաղուց լուծուած է»:

Այսպիսով, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի ղեկավարը Հայ ժողովուրդի եւ միջազգային հանրութեան առջեւ ներկայացուց այն շրջագիծը, որոնց հիման վրայ պէտք է ընթանան հետագայ բանակցութիւնները:

Բանավէճի աւարտին Հայաստանի վարչապետին խորհուրդ տուողներու պակաս չկար: Պէտք է յիշէր Պաքուի եւ Սումկայթի ջարդերը, պէտք է խօսէր Թալիշ գիւղի ողբերգութեան մասին, պէտք է յիշէր Սաֆարովի կողմէ Հայ սպայի կացինահարման մասին, 19-րդ դարու պատմականը պէտք է ներկայացներ, ոտքի ելեր ու հեռանար, քանի որ Ատրպէյճանի նախագահը կը վիրաւորէր Հայ ժողովուրդին եւ նման տեսակէտներ կ՛արտայայտեն շատ մը քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, առանց հասկնալու, որ քննարկումը անցեալի պատմութեան մասին չէր եւ ներկայ եղող դիւանագէտներն ու միջազգային փորձագէտները եկած էին լսելու կողմերու տեսակէտները՝ շարունակուող հակամարտութեան լուծման հնարաւորութիւններուն մասին:

Հրապարակային այս քննարկումը, ընդհանուր առմամբ դրական էր Հայաստանի համար, մանաւանդ որ, Ատրպէյճանի նախագահը հակափաստարկներու պակասէն կը տառապէր եւ անդադար կը կրկնէր նոյն սկաւառակը՝ «մեր գրաւեալ տարածքները վերադարձուցէք եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ»:

«Միւնիխեան Սկզբունքներու» ներկայացմամբ կը յուսանք որ, վերջ կը տրուին ներքին այն խօսակցութիւններուն ու պնդումներուն, թէ Հայաստանի վարչապետը կը պատրաստուի ազատագրուած հողերը յանձնելու Ատրպէյճանին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment