Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնանկ Եղած են Ռազմական Ոստիկանութեան Պետը եւ Զինուած Ուժերու Բարոյահոգեբանական Ապահովման Վարչութեան Պետը

Պաշտօնանկ Եղած են Ռազմական Ոստիկանութեան Պետը եւ Զինուած Ուժերու Բարոյահոգեբանական Ապահովման Վարչութեան Պետը

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը ստորագրած է Ալեքսան Ալեքսանեանը Զինուած ուժերու բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան պետի եւ Արթուր Պաղտասարեանը Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան պետի պաշտօններէն ազատելու հրամանագրերը՝ հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութիւնները։

Վարչապետի առաջարկները նախագահն ստացած էր Փետրուար 18-ի երեկոյեան։

Երկուշաբթի օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած էր խորհրդակցութիւն Զինուած ուժերու մէջ վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին մահուան 13 դէպքերու հետ կապուած։

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետի պաշտօնակատար Արմէն Խաչատրեանը չէ յստակեցուցած, թէ արդեօք Զինուած ուժերուն մէջ պաշտօնանկութիւնները պիտի շարունակուին. – «Եթէ նոր քատրային փոփոխութիւններ լինեն, ապա հանրութիւնը այդ մասին կը տեղեկանայ պատշաճ ժամկէտներում»։

Մամուլի մէջ կը շրջանառուին նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի հնարաւոր հրաժարականի մասին լուրերը։

Սակայն Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանը դեռ չէ հաստատած. – «Արցախի պաշտպանութեան նախարարի հրաժարականը ստորագրում է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը։ Եթէ այդպիսի բան լինի, մենք կը տեղեկացնենք հանրութեանը։ Այս պահի դրութեամբ ես չունեմ այդպիսի տեղեկութիւն»։

Բաբայեանը նաեւ ըսած է. – «Ես միշտ դէմ եմ եղել, որ որեւէ մէկին քաւութեան նոխազ դարձնեն։ Այն, որ ճիշդ են քատրային փոփոխութիւնները, միգուցէ կտրուկ եւ այլն, ի հարկէ սրա մասին խօսք չի գնում։ Բայց խօսքը գնում է նրա մասին, որ պէտք է իսկութիւնը իմանանք, պէտք է այնպէս անենք, որպէսզի կեղտը չխառնենք լաւի հետ եւ ցոյց տանք որպէս իրականութիւն»։

Ալեքսան Ալեքսանեանը ԶՈՒ բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան պետի պաշտօնին նշանակուած է 2019 թուականի Նոյեմբեր 28-ին, իսկ Արթուր Պաղտասարեանը Ռազմական ոստիկանութեան պետի պաշտօնին՝ 2017 թուականի Մայիս 25-ին։ Ի դէպ, Պաղտասարեանը վերջերս, մօտ մէկ ամիս առաջ՝ Յունուար 24 -ին ստացած է զօրավար-մայորի զինուորական կոչում:

Թէ ովքեր պիտի փոխարինեն Ալեքսան Ալեքսանեանին եւ Արթուր Պաղտասարեանին, դեռ յայտնի չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment