Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ձեւաւորուեցաւ «Ոչ»-ի Շտապ

Ձեւաւորուեցաւ «Ոչ»-ի Շտապ

by MassisPost

Փետրուար 18-ի առաւօտեան ձեւաւորուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու Ապրիլ 5-ի հանրաքուէի «Ոչ»-ի շտապ:

Երբ սպառեցաւ խորհրդարանական ուժերուն տրուած ժամանակը, «Ոչ»-ի արշաւ սկսելու մասին յայտարարեց քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով դիմած են գործող իշխանութիւններու քննադատութեամբ յայտնի խումբ մը իրաւաբաններ։

Ցուցակը կը գլխաւորէ Արցախի նախկին մարդու իրաւունքներու պաշտպան, «Իրաւական ուղի» հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր Ռուբէն Մելիքեանը։ Ան իր ֆեյսպուքեան էջին ներկայացուցած է ցուցակի առաջին տասնեակը, ուր տեղ գտած են նաեւ Գոհար Մելոյեանը, Արսէն Բաբայեանը, Էլինար Վարդանեանը, Տիգրան Աթանեսեանը, Աստղիկ Մաթեւոսեանը, Արտակ Ասատրեանը, Սիրանուշ Սահակեանը, Անահիտ Սարգսեանը եւ Արսէն Մկրտչեանը։

Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններով կ’առաջարկուի դադրեցնել մինչեւ 2018 թուականի Ապրիլ 9-ն ընտրուած Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի ու եւս 6 անդամներու լիազօրութիւնները։ Նախագիծը չի վերաբերիր միայն ՍԴ դատաւորներ Արման Դիլանեանին եւ Վահէ Գրիգորեանին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment