Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան-Ալիեւ Բանավէճի Վերաբերեալ Գնահատականները Տարբեր Են՝ Դրականէն Մինչեւ «Պարտութիւն»

Փաշինեան-Ալիեւ Բանավէճի Վերաբերեալ Գնահատականները Տարբեր Են՝ Դրականէն Մինչեւ «Պարտութիւն»

by MassisPost

Փաշինեան-Ալիեւ միւնխէնեան բանավէճը, իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Զոլեանի կարծիքով, ցոյց տուաւ երկու երկիրներու ղեկավարներու տրամադրութիւնները եւ հնարաւորութիւն տուաւ ժողովուրդներուն քիչ թէ շատ հասկնալ՝ այսքան ժամանակ ինչ կը քննարկուի փակ դռներու ետին։ Փորձը որակեց աննախադէպ, քանի որ հակառակ տասնամեակներ կուտակուած խնդիրներու՝ երկու երկիրներու ղեկավարները միջազգային հանրութեան առջեւ ուղիղ եթերի ռեժիմով կրցան խօսիլ։

«Նաեւ կարծում եմ՝ անհրաժեշտ պատգամներն ուղղուած միջազգային հանրութեանը հնչեցին: Նիկոլ Փաշինեանը կարողացաւ շատ վարպետօրէն, հակառակ այդ ամբողջ բուռն քննարկմանը, պատմութեան հարցերին եւ այլն, այնուամենայնիւ այն պատգամները, որ պէտք էր այդտեղ բարձրաձայնել, կարողացաւ տալ», – ըսած է ան:

Միւնիխի մէջ կայացած 45 վայրկեաննոց քննարկման ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահն ակնարկեց ռուսական առաջարկի մասին, դարձեալ շեշտեց՝ հակամարտութիւնը պէտք է փուլերով լուծել, ընդգծեց՝ ԼՂ կարգավիճակը պէտք չէ խանգարէ կամ խաթարէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որուն ի պատասխան՝ Փաշինեանն ըսած է, որ Ատրպէյճանի տեսակէտէն անոնք տարածքներ են, բայց Ղարաբաղի տեսակէտէն՝ անվտանգութեան գօտի։

Պատգամաւոր Զոլեանի կարծիքով՝ Ալիեւը մնաց այնտեղ, ուր էր դեռ 30 տարի առաջ, մինչդեռ Փաշինեանի խօսքին մէջ յստակ առաջարկներ կային՝ առանց ԼՂ ներկայացուցիչի հարցը չի կրնար լուծուիլ, միակ ճանապարհը խաղաղութիւնն է:

Միւնիխեան բանավէճը, ըստ Զոլեանի, կարելի է դիտարկել նաեւ որպէս «միքրոյեղափոխութիւն», որուն մասին իր խօսքին մէջ քանի մը անգամ նաեւ նշեց Փաշինեանը։

«Այո, եթէ նոյնիսկ սա դրական քայլ է, սա շատ փոքր քայլ է, որովհետեւ մեծ քայլեր ուղղակի այս իրավիճակում հնարաւոր չեն», – նկատած է պատգամաւորը:

Երկու առաջնորդներն ալ պարտուեցան բանավէճին, նման կարծիք յայտնած է արտախորհրդարանական ուժերէն Հայ Ազգային Քոնկրէսի փոխնախագահ Լեւոն Զուրապեանը: Ան վստահ է՝ Փաշինեանը ոչ միայն պէտք չէ մտնէր Ալիեւի գծած պատմական հարցին մէջ, այլեւ զրոյցը պէտք է տանէր դէպի հակամարտութեան էութիւն։

«Պատմական փաստարկումն ունի զրոյական արժէք, աւելին՝ նման փաստարկումը վնասում է այդ ղեկավարների  պատկերին եւ նրանց ընկալմանը միջազգային հանրութեան կողմից: Ոչ մէկը չկարողացաւ պարզ եւ յստակ ներկայացնել իրենց դիրքորոշումները, թէ ինչպէս են պատկերացնում հարցի լուծումը, իսկ հարցի լուծում պատկերացնելը նշանակում է փոխադարձ զիջումներ, ոչ թէ միայն դու պնդես, ասես՝ այ մենք այս զիջումներն ենք ակնկալում», – ըսած է Զուրապեանը:

Սեփական հանրութեան հաճելի թուալու փոխարէն՝ երկրի նախագահները պէտք է փորձէին սեփական շահերը պաշտպանել, ինչը, ըստ Զուրապեանի, չէ յաջողած. – «Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կատարել են բազմաթիւ յանցագործութիւններ, ռազմական յանցագործութիւններ, նրանց մարդու իրաւունքները   յաճախակիօրէն  խախտելու յանցագործութիւններ: Դա է պատճառը, որ Լեռնային Ղարաբաղն այլեւս չի տեսնում իր տեղը միասնական պետութեան մէջ Ատրպէյճանի հետ եւ ցանկանում է փրկութեան իրաւունքով անջատուել: Սա հասկանալի լեզու է միջազգային իրաւունքի համար: Դա չներկայացուեց»:

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանի կարծիքով՝ այդուհանդերձ գլխաւոր պատգամը տեղ հասաւ. այն էր Հայաստանն ու Արցախը պիտի չզիջին իրենց անվտանգութիւնը։ Ըստ անոր՝ վարչապետն այսպիսով ամրապնդած է՝ Հայաստանը կը մերժէ Մատրիտեան սկզբունքները եւ այլ սկզբունքներու շրջանակ կը տեսնէ գործընթացի մէջ դիրքաւորուելու համար։

Միւնիխի մէջ Փաշինեանը խօսած է խաղաղութեան մասին, իսկ այս դիրքերէն ելոյթ կ’ունենայ  զօրաւորը, քաղաքական մեկնաբան Պատալեանի գնահատականն է. – «Եւ այդ տեսանկիւնից Հայաստանը դուրս է գալիս կամ մերժում է իրեն պարտադրուած «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը, որի մասին սկսել էին խօսել 2017 թուականից, եւ որը նաեւ էլի «լաւրովեան ծրագիր» ասուածի տրամաբանութեան ներքոյ է: Այս առումով այս կարգի խօսակցութիւնը հայկական կողմի քաղաքական ուժը միաւոր դարձնելու  միտուած խօսակցութիւն է, որովհետեւ դրան զուգահեռ մենք կարողանում ենք դնել Ատրպէյճանի առաջ նշաձողեր եւ հանգամանքներ, որ նախկինում չեն դրուել, ես ստեղծել նոր մթնոլորտ, նոր իրավիճակ կարգաւորման գործընթացում: Ի վերջոյ, Միւնիխի բանավէճ-քննարկումն ինչ-որ իմաստով ցոյց էր տալիս այս  անցումները»:

Այդուհանդերձ, քաղաքական վերլուծաբանի կարծիքով՝ միւնիխեան բանավէճի ձեւաչափը յաջող չէր, ռազմաքաղաքական շոու էր, որմէ այսուհետեւ պիտք է հրաժարիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment